Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է, որ անհրաժեշտ է հակազդել տարբեր տարածաշրջաններու, անոնց կարգին՝ Կովկասի մէջ օտար պետութիւններու ներկայութեան:
Ինչպէս գրած է ԻՌՆԱ, Իրանի նախագահ այս պարունակին մէջ ընդգծած է տարածաշրջանային պետութիւններու միջեւ խնդիրները երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի անվտանգութեան՝ Ռայիսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցը համարած է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը՝ աւելցնելով, որ ցանկացած կառավարութեան՝ իր բոլոր տարածքներու նկատմամբ ազգային ինքնիշխանութեան արդիւնաւէտ իրականացումը ահաբեկչական եւ վտանգաւոր գործողութիւնները կանխելու լաւագոյն միջոցն է։