«Կովկասեան տարածաշրջանը պէտք չէ մրցակցութեան հարթակի վերածուի միւսներու համար»․ յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին՝ Հայաստանի իր պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ժամանակ։
«Տարածաշրջանէն դուրս անվտանգութեան փնտռտուքը հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ այն տարածաշրջանը պիտի վերածէ ուժերու մրցակցութեան վայրի։ Այս ամէնը տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան համար աւելի շատ մարտահրաւէրներ կ՚առաջացնէ»,-ըսած է Աշթիանին, հաղորդած է IRNA գործակալութիւնը։
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի կարծիքով՝ տարածաշրջանի անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը պէտք է ձեւաւորուի տարածաշրջանէն ներս։ Ան բացարձակապէս անընդունելի համարած է նշուած քաղաքականութեան հակասող տարածաշրջանային երկիրներու որեւէ մօտեցում։
Սուրէն Պապիկեանն իր հերթին ըսած է. «Մեզ համար շատ կարեւոր է, որ երկու երկրներն էլ նոյն վերաբերմունքն ունեն տարածաշրջանում կայունութեան հարցում»։