Տարածաշրջանային «3+3» հարթակը (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) արդէն կը ձեւաւորուի եւ երթալով աւելի խոստումնալից կը դառնայ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւններու մեկնարկին։
«(Ատրպէյճանի նախագահ) Իլհամ Ալիեւի «3+3» նախաձեռնութիւնը, այսպէս կոչուած, «3+3» տարածաշրջանային հարթակն արդէն կը ձեւաւորուի։ Սա նոյնպէս խոստումնալից ձեւաչափ է։ Ուրախ կ՚ըլլամ լսել ձեր գնահատականները այս ուղղութեամբ հետագայ քայլերու մասին»,-ըսած է Լաւրովը Պայրամովին։
Անոր խօսքով՝ ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։
Բացի այդ, Լաւրովը նշած է, որ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները վերելք կ՚ապրին։
«Հոկտեմբեր 12-ին՝ երկու ամիս առաջ, Պիշքէքի մէջ մեր ղեկավարները զրուցեցին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս եւ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ խորացնելու մեր դաշնակցային, ռազմավարական փոխգործակցութիւնը», -աւելցուցած է ան։