Հինգշաբթի, 16 Յունիսի առաւօտեան, ղպտի ուղղափառ Սերաֆիոն մեթրոփոլիթը Նորթրիճի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. պատարագ, որուն ներկայ եղան հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու թեմակալ առաջնորդները՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ:
Այս առիթով, սրտի խօսք եւ քարոզ արտասանեցին սրբազան հայրերը, եկեղեցւոյ մէջ ստեղծելով քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան հազուագիւտ պատկեր մը, երբ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ եկեղեցւոյ գմբեթին տակ միացեալ աղօթքներով ու պատարագով փառաբանեցին զԱստուած եւ լեցուեցան Ս. հոգւոյ շնորհներով: