Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ Վատիկանի յատուկ պատուիրակ Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան ենթարկուած է վիրաբուժական գործողութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։ Թերթին այս առթիւ տուած կարճ լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ ենթարկուած է վիրահատութեան մը։ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զէքիեան Գերապայծառի անցուցած գործողութեան պատճառով Ս. Ծնունդի առթիւ Սաքըզաղաճի պաշտօնական աւանդական ընդունելութեան թուականը փոխուած է։ Այսօր արդէն մամուլին մէջ Արքեպիսկոպոսարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած է համապատասխան պաշտօնական զեկոյցը։ Մինչ այդ, գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Զէքիեան Գերապայծառի գործողութիւնը անցած է բարեյաջող, իր առողջական վիճակը լաւ ու գոհացուցիչ է եւ դարմանումը բժիշկներու նախատեսած հունին մէջ կ՚ընթանայ։ Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Զէքիեան Գերապայծառին։
«Արեւելք» եւս շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ թերթիս բարեկամ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վառ անհատականութիւններէն ՝ Արհի. Տ. Լեւոն Գերապայծառին։