image

Գերյ. Հ. Գէորգ արք. Նորատունկեան ստանձնեց իր նոր պաշտօնը 

Գերյ. Հ. Գէորգ արք. Նորատունկեան ստանձնեց իր նոր պաշտօնը 

26 Սեպտեմբեր Հինգշաբթի, Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արհի. Տ. Գէորգ Արք. Նորատունկեանի գահակալութեան կարգը. ան ստանձնեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ նաեւ գրած է՝

Գահակալութեան կարգը կատարուեցաւ Ձեռամբ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի։

Յընթացս արարողութեան, կարդացուեցաւ Հռոմի Քահանայապետի համապատասխան կոնդակը. նշուեցաւ որ Նորատունկեան Սրբազան, որ մինչեւ այս նոր նշանակումը կը վարէր Զմառռու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդի ու Զմառռու վանքի Մեծաւորի պաշտօնը, ասկէ ետք պիտի շարունակէ սպասաւորել, ստանալով Սեբաստիոյ Հայերու Արքեպիսկոպոսական Աթոռը՝ Արքեպիսկոպոսի տիտղոսով։

Գէորգ Արք. Նորատունկեան ծնած է 16 Նոյեմբեր 1968ին, Հալէպ։ Ան կը յաջորդէ 2021ին Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։