 
                    Հոկտեմբեր 21-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ․ Արամ քահանայ Ասատրեանը: Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
Հաղորդուած է, որ տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդի զեկուցագիրը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնն առ այն, որ Տ․ Արամ քահանայ Ասատրեանը՝
ա/ Հրապարակային ելոյթներով ու յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայ Եկեղեցին, Թեմակալ առաջնորդը եւ ծառայակից եկեղեցականները,
բ/ Անտեսելով Թեմակալ Առաջնորդի յորդորներն ու հրահանգները՝ յարատեւած է կարգազանց ընթացքի մէջ,
գ/ Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին պատարագներուն կամայականօրէն զեղչած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Թեմակալ Առաջնորդի անուններու յիշատակութեան հատուածը՝ այդ քայլով, ըստ էութեան, իրեն դուրս դնելով Եկեղեցիէն,
դ/ Երիցս յամառեր է ներկայանալ Յանձնախումբի նիստերուն, շրջանցելով վերջինիս հեղինակութիւնն ու իրաւասութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անարգալից վարքագիծով դրժեր է հնազանդութեան ուխտը:
Կարգալոյծ եկեղեցականն այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Ստեփան Ասատրեան աւազանի անունով: