Պոլսոյ Հայոց Միաբանութեան երէցագոյն եպիսկոպոս Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան կը շարունակէ տիրական ներկայութիւն հանդիսանալ համայնքային շրջանակներուն մէջ։
Օրերս Սրբազան հայրը այցելութիւն տուած է Պոլսոյ մէջ երկար տարիներէ ի վեր հոգըւոր ծառայութիւն մատուցող իր կաթողիկէ հոգեւոր եղբօր։
Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»էն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք ՝
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Աւագ շաբթուայ խորհրդաւոր օրերուն փութաց իր հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն բարոյական զօրակցութեան։ Այսպէս, Սեն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ քարոզիչ հայր Քոնստանդինօ Չետոլինի, որ աւելի քան 35 տարիէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կ՚իրականացնէ, դժբախտաբար, կը տառապի քաղցկեղէ եւ դարմանման տակ կը գտնուի Ճերրահփաշայի հիւանդանոցին մէջ։ Երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ իր կաթողիկէ հոգեւոր եղբօր եւ սնարին վրայ աղօթեց, որպէսզի Աստուած անոր բժշկութիւն շնորհէ եւ ցաւերը փարատէ։ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմ արտայայտութիւններով փորձեց մխիթարել իր հոգեւոր եղբայրը, որպէսզի ան յուսահատութիւնը հեռու պահէ իր էութենէն ու վստահի Բարձրեալի բուժիչ ուժին։ Մօտալուտ Ս. Զատկուան ընդառաջ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորութիւններ ալ յղեց իր հոգեւոր եղբօր։
Նախապէս Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ու Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը եւս փութացած էին հայր Քոստանդինօ Չետոլինիի այցելութեան՝ յղելով ապաքինման մաղթանքներ։