Պոլսոյ Միաբանութեան երէցիագոյն անդամ ՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան կը շարունակէ կրօնական իր պարտականութիւնները։ Սրբազան հայրը, որ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողքին կը համարուէր Պատրիարքութեան գլխաւոր թեկնածուն ժամանակ մը հեռու մնացած էր համայնքային կեանքէ եւ այդ մէկը կատարած էր հասկնալի ու նոյնիսկ յարգելի պատճառներով։
Այս օրերուն Սրբազան Հայրը դարձեալ աշխուժօրէն կը մասնկացի համայնքային կեանքին ու մասնաւորապէս կրօնական դրուածքով կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ յաճախակի շփման մէջ է համայնքի զաւակացած հետ։
Նշենք նաեւ, որ օրերս Տ. Արամ արք. Խաչվերացի տօնին առթիւ պատարագիչ եղած է Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ու տուած է յաւուր պատշաճի քարոզ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթէն, ուրկէ ալ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ տրուած թղթակցութիւնը։
Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրուան քարոզին համար բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Այլ ինձ քաւ լիցի պարծիլ, բայց միայն ի Խաչն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի որով ինձ աշխարհ ի խաչ ելեալ է եւ ես աշխարհի»։ Ան պատգամին մէջ կանգ առաւ Պօղոս առաքեալի քրիստոնէութեան դարձին եւ հաւատի տարածման ուղղութեամբ անոր կողմէ տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Ս. Խաչի գերութենէ վերադարձին ու վերացման պատմութեան։ «Խաչը դադրեցաւ տանջանքի առարկայ մը ըլլալէ այն օրէն սկսեալ, երբ անոր վրայ խաչուեցաւ անմեղ Քրիստոսը ու անոր արիւնով օծուեցաւ, նուիրագործուեցաւ խաչափայտը ու դարձաւ քրիստոնեային պարծանքը», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցան աւանդական ռեհանի օրհնութեան եւ անդաստանի արարողութիւնները։ Բացօթեայ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով տաղաւարի տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան։