image

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Լիւսի Իսկէնեանի այցը Քեսապ

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Լիւսի Իսկէնեանի այցը Քեսապ

Օրերս Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ անդամ Լիւսի Իսկէնեան այցելութիւն մը տուած է Քեսապ, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար համայնքի ընդհանուր վիճակին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Շաբաթ` 13 Ապրիլ 2024-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս.Միքայէլ» վանք այցելեց, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան` Ազնուափայլ Տիկ. Լիսի Իսկէնեան։

Համայնքի ժողովրդապետ` Գեր. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, վանքի «Աղաճանեան» դահլիճէն ներս հիւրընկալեց Ազնուափայլ Տիկ. Իսկէնեանը, ներկայութեամբ Քեսապի քաղաքապետ` Պրն. Վազգէն Չաբարեանի, թաղապետ` Պրն. Սեպուհ Քիւրքճեանի եւ համայնքիս «Օժանդակ մարմնի» անդամներուն։

Այցելութեան ընթացքին երեսփոխան` Տիկ. Իսկէնեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ քեսապահայութեան ներկայ իրավիճակով եւ մեծապէս գնահատեց մեր նուիրումն ծառայութիւնը։

Այցելութեան աւարտին, Հայր Նարեկը մագաղաթ սրբապատկեր մը նուիրելով շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան` Տիկ. Իսկէնեանին, վանք իր այցելութեան` Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան շահերուն համար իր ունեցած մեծ ներդրումին առընթեր։