Սուրիոյ անցումային ժամանակահատուածի նախագահ Ահմետ Շարըհ առաջին եւրոպական ուղեւորութիւնը պիտի կատարէ: Ան պիտի մեկնի Ֆրանսա, յայտնած է Mehr գործակալութիւնը:
Մաքրոնի հետ հանդիպումը պիտի կայանայ չորեքշաբթի: Մաքրոն «պիտի կրկնէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը նոր Սուրիոյ կառուցման, ազատ, կայուն, ինքնիշխան Սուրիոյ, որ կը յարգէ սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչները», երեքշաբթի յայտարարած է Էլիզեան պալատը: Այս մասին գրած է france24.com-ը:
«Այս հանդիպումը Ֆրանսայի պատմական յանձնառութեան մէկ մասն է սուրիացի ժողովուրդին, որ կը ձգտի խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին Մաքրոն պիտի ընդգծէ իր պահանջները սուրիական կառավարութեան, առաջին հերթին տարածաշրջանի կայունացման, այդ շարքին՝ Լիբանանի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին։
Նշենք, որ Սուրիոյ նոր ղեկավարն իր առաջին արտասահմանեան այցը կատարած է Թուրքիա: