image

Սուրիական զօրքերը լքած են Դամասկոսի կեդրոնը. Al Jazeera

Սուրիական զօրքերը լքած են Դամասկոսի կեդրոնը. Al Jazeera

Սուրիացի զինուորականները լքած են Դամասկոսի կեդրոնը, կեդրոնական հեռուստատեսութեան շէնքն իբրեւ գրաւուած է, յայտնած է Al Jazeera հեռուստաալիքը:

«Աղբիւրները հաղորդած են, որ զինուած սուրիական ընդդիմութիւնը մտած է Դամասկոս ու այդ լոյսին տակ բանակը դուրս բերած է իր ուժերը մայրաքաղաքէն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իր հերթին, սուրիական Sham FM ռատիոկայանը յայտնած է, որ Դամասկոսի մէջ կը լսուին պայթումի ձայներ:

Աւելի վաղ AFP-ն յայտնած էր քաղաքին մէջ կրակոցներու մասին:

Sham FM-ի տուեալով՝ Դամասկոսի միջազգային օդակայանն ամբողջութեամբ դադրեցուցած է աշխատանքը: