image

Սուրիահայ գործարարը Տէր Զօրէն. «Մեր յոյսը դուք է Վեհափառ»

  Սուրիահայ  գործարարը Տէր Զօրէն. «Մեր յոյսը դուք է Վեհափառ»

Սուրիահայ   յայտնի  գործարար եւ  ազգային բարերար Սուրէն Վարդանեան, որ օրերս վերադարձած է իր բնօրրան ՝ Տէր Զօր, սրտառուչ հաղորդագրութիւն մը յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին  ըսելով ՝«Վեհափառ Տէր  մեր յոյսը դուք էք»։

 

 Այս մասին կ՚իմանանք  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Cilicia Tv -ի դիմատետրի էջէն։

 Վարդանեան, որ լուսանկարներ ալ ո ուղորդած է իր ձայնային պատգամին,  ըսած է, որ եկեղեցին ու համալիրը  կը գտնուին  շատ ծանր վիճակի մը մէջ, յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային ու պայծառ օրերու գալուստով հայութիւնը առաջնորդութեամբ Արամ  Ա. Վեհափառ հայրապետին պիտի կարողանայ դարձեալ ոտքի հանել   արժէքաւոր  եւ հայութեան վերածնունդի  խորհրդանիշ համարուող եկեղեցական համալիրը։ 

 Աղբիւրը այս առթիւ  նաեւ տեղադրած է հատուածներ տարբեր տարիներու ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց  եկեղեցիի շրջափակէն  հնչեցուցած պատգամներէն։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ  եկեղեցական համալիրը ենթարկուած է  մեծ եւ միտումնաւոր  պայթումներու, որոնք կատարուած են ահաբեկիչ զինեալներու ձեռամբ։