Մոսկուայի Խամովնիքի դատարանը երկու ամիսով ձերբակալած է Հայաստանի քաղաքացի՝ Հայրիկ Երուանդեանը, որ մեղադրուած է հայ գործարարի սպաննութեան մէջ մայրաքաղաքի կեդրոնը։ 62-ամեայ Յովհաննէս Քամարեանը գնդակահարուած էր Յունիս 2-ի ուշ երեկոյեան, յայտնած է «Քոմերսանթ»ը։
Սպաննութեան մէջ մեղադրուողը ընդունած է մեղքը, պաշտպանական կողմը չէ առարկած, որ զայն ձերբակալեն։ «Դատարանը Երուանդեան Հայրիկ Ալիքովիչի նկատմամբ, որպէս խափանման միջոց, երկու ամիսով, այսինքն՝ մինչեւ Օգոստոս 3-ը կալանքը ընտրելու որոշում կայացուցած է»,- ըսած է դատաւորը ըստ ԹԱՍՍ-ին:
Ռուսիոյ Դաշնութեան ՔԿ-ն գործ յարուցած է ՌԴ Քրէական օրէնսգիրքի 105 յօդուածով (սպաննութիւն) եւ ՌԴ Քրէական օրէնսգիրքի 222 յօդուածով (զէնքի ապօրինի շրջանառութիւն)։ Ենթադրեալ մարդասպանը բերման ենթարկուած է յաջորդ օրը՝ Յունիս 3-ին։ Վարկածներէն մէկուն համաձայն՝ խօսքը քրէական վէճերու մասին է։