image

Սուրէն Պապիկեանի ամուսնութիւնը

Սուրէն  Պապիկեանի   ամուսնութիւնը

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեանի պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Գեղարդի եկեղեցւոյ մէջ: Անոր ընտրեալը իր նախկին խօսնակ Արմինէ Մուրատեանն է:

Համացանցով հրապարակուած են առաջին լուսանկարները Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի պսակադրութենէն:

Նշուած է, որ հարսնիքի խնճոյքը տեղի ունեցած է ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Փարաւոն» ճաշարանը:

Պսակի նախօրէին Սուրէն Պապիկեան իր ապագայ տիկնոջ հետ այցելած էր «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհած զոհուածներու շիրիմներուն: