image

Սոթքի ուղղութեամբ կրակոց եւ ... տարհանում

Սոթքի ուղղութեամբ կրակոց եւ ... տարհանում
Գիշերը Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Քարվաճառի սահմանին իրավիճակը լարուած եղած է։ Լարուածութիւնը մեծ եղած է յատկապէս Սոթքի հանքի տարածքին մօտ, քանի որ սահմանը կ'անցնի հանքի ճիշդ մէջտեղէն։ Անկանոն կրակոցներ հնչած են։
 
«Ճեոփրոմայնինկ Կոլտ» ընկերութենէն Tert․am–ին յայտնած են, որ զինուորականներու մէջ եղած է խնդիր, հնչած են անկանոն կրակոցներ, իսկ քանի որ աշխատակիցները կ'աշխատին սահմանին ու դիրքերուն փակած, ընկերութեան ղեկավարութիւնը որոշում կայացուցած է տարհանել աշխատակիցները։ Աշխատակիցներէն ոչ ոք տուժած է, տարհանուած է շուրջ 150 աշխատակից։