Մայիս 29-ին՝ ժամը 01:00-01:15-ն ինկած ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն։
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ տուժածներ չկան:
Ատրպէյճանական կողմին կոչ եղած է հետաքննելու Խոզնավարի բնակելի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալու հրապարակային պարզաբանումներով։