image
Հրատապ լուրեր:

Ստեփանակերտի մէջ՝ «Հայրենիքի դժգոյն չի լինում» խորագրով ցուցահանդէս

Ստեփանակերտի մէջ՝ «Հայրենիքի դժգոյն չի լինում» խորագրով ցուցահանդէս

Ստեփանակերտի Փօլ Էլյուարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ բացուած է Արցախի ժամանակակից գեղանկարիչներ՝ Գայանէ Շուշեցիի, Զօրիկ Գալստեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Ռաֆայէլ Պետրոսեանի, Մերի Մուսայէլեանի, Սերկէյ Առուստամեանի, Օնիկ Գասպարեանի, Լիանա Քոչարեանի, Դաւիթ Առուստամեանի եւ Սամուէլ Թաւադեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը՝ «Հայրենիքը դժգոյն չի լինում» խորագրով։

 

Բացման՝ նախ յարգանքի տուրք մատուցուած է յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներու յիշատակին:

«Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի խօսքով՝ ցուցահանդէսին ներկայացուած գրեթէ բոլոր նկարիչներու բոլոր գործերուն մէջ բարձրագոյն արժէք է Հայրենիքը․ այն հայրենիքը, որ պէտք է շէնացնենք։

Քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեան բարձր կը գնահատէ նկարիչներու աշխատանքները՝ նշելով, որ նկարներու գունային երանգները ապրեցնող են։ Երիտասարդ նկարչուհի Մերի Մուսայէլեան անկեղծացաւ, որ պատերազմէն յետոյ ցուցահանդէսին մասնակցիլը նման է վերածնունդի։ «Պատերազմէն յետոյ շատ դժուար է ծանր հոգեվիճակով ստեղծագործելը։ Բայց մենք՝ նկարիչներս, մեր վրձինով պէտք է ապացուցենք, որ Արցախը միշտ վառ է ու տաք»,-նշած է նկարչուհին։

Ցուցահանդէսը կը տեւէ 15 օր։ Այն կազմակերպուած է Արցախի նկարիչներու միութեան եւ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի նախաձեռնութեամբ։