10 Դեկտեմբեր 2023թ., չորրորդ Կիրակի Յիսնակաց, սուրբ Յովսէփ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ, ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի, տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի անմեղ զոհերու անմահ յիշատակին։
Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունէս, Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ: Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած, Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ": (Արամայիս Սահակեան)։
10 Դեկտեմբեր 2023թ., չորրորդ Կիրակի Յիսնակաց, սուրբ Յովսէփ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ, ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի, տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի անմեղ զոհերու անմահ յիշատակին։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Վարդապետը օրուայ յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ ըսաւ։« 1988 թուականի դեկտեմբերի 7-ը մեր հայ պատմութեան ողբերգական օրերէն մեկն է, երբ աղէտի զոհ դարձան հազարաւոր մեր հայրենակիցներ։
Այսօր մենք մեր գլուխը կը խոնարհենք Սպիտակի աղետալի երկրաշարժի հազարաւոր զոհերու առջեւ:
Խորհին երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր բարեկամ ազգերը եւ ի մասնաւորի Սուրիա որ թիկունք կանգնեց՝ օժանդակեց եւ սփոփեց հայու վիշտը եւ տառապանքը։
Խունկ, աղօթք եւ երկնառաք բիւր օրհնութիւն առ Բարձրեալն Աստուած 1988 թ. սպիտակեան սոսկալի արհաւիրքի անմեղ զոհերու անմար եւ խնկելի յիշատակին»:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղիցի:
ԱՂՕԹՔ։
Գթա, Տէր, ի հոգիս մեր ննջեցելոցն եւ յիշեայ ողորմութեամբ.
քանզի գինք սուրբ արեան քո են.
ի յորժամ հրաշալի ձայնիւ փողոյն յառնեն մեռեալքն,
եւ կան առաջի ահաւոր քո բեմին:
Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ:
Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:
Զլուսաւորեալքս ծննդեամբ սուրբ աւազանին մի բարկութեամբ խրատեր
եւ մի սրտմտութեամբդ քո յանդիմաներ,
ի յորժամ հրաշալի ձայնիւ փողոյն յառնեն մեռեալքն, եւ կան առաջի ահաւոր քո բեմին:
(Պետրոս Գետադարձ Հայոց Կաթողիկոս)
Նիւթը՝ vaticannews-էն