image

Սպիտակ տունէն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին արձագանգ

Սպիտակ տունէն  Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին արձագանգ

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու հարցերով համակարգող Ճոն Քըրպին խօսած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներու մասին, որոնք տեղի ունեցան երեքշաբթի՝ մարտ 21-ին։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստին»։

Անոր կարծիքով՝ մեծ ակնկալիքներ չկան, որ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումով Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները շուտով կ'աւարտին:

Սպիտակ տան ռազմավարական հաղորդակցութեան համակարգողը նշած է, որ Չինաստանի դիրքորոշումը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հարցով անաչառ չէ: Անոր համոզմամբ՝ եթէ Չինաստանը կ'ուզէ կառուցողական դեր խաղալ Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութեան հարցով, պէտք է Ռուսիոյ կոչ ընէ դադարեցնելու ներխուժումը այսօր իսկ:

Քըրպին նաեւ յայտարարած է, որ հակառակ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի Մոսկուա կատարած այցին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատրաստ է հաղորդակցելու Փեքինի հետ:

Մարտ 20-ին Սպիտակ տունը յայտնած էր, որ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Սի Ծինփինի հեռախօսազրոյց դեռ նախատեսուած չէ, սակայն ամերիկացի առաջնորդը կը ցանկար, որ այն կայանայ։