image

«Սփիւռք, որպէս մէկ եւ միատարր ամբողջութիւն չկայ այլեւս...».Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Սակայն, նախ եւ առաջ պէտք է հասկնալ թէ կա ՞ն նոյնիքն սփիւռքահայութեան մօտ տարբեր համայնքները, տարբեր շերտաւորումներն ու ենթա-մշակոյթները զիրար կապող որեւէ «բան», գաղափարա-հոգեբանական աշխարհները զիրար առնչող ազդակներ։ Ապա, հոն ի ՞նչն է որ հոգեմտաւոր կամ գործնական կերպով կ՚առնչէ սփիւռքահայութիւնը (այսինքն Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող հայերը) Հայաստան պետութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, կամ նոյնիսկ համահայկական որեւէ օրակարգի հետ։ Անտարակոյս, նման առնչութիւնները - եթէ կան՝ եւ ես կը խորհիմ որ կան - պէտք է տեսնել, գուցէ վեր առնել, նոյնիսկ քաջալերել։ Բայց մինչեւ այս մէկը, կարեւոր է պարզունակ կարծրատիպերէ դուրս գալ, եւ ցանկութիւնները որպէս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն չի ներկայացնել։ Սփիւռք - որպէս մէկ եւ միատարր ամբողջութիւն - չկայ այլեւս, նոյնիսկ եթէ ան կար արդի անցեալի որեւէ պահու։

Կայ սփիւռքահայութիւն, շատ ու շատ շերտերով, աշխարհաքաղաքական տարբեր վիճակներու մէջ, ու զանազան ենթա-մշակոյթներով բնութագրուող, եւ այս բոլորը իրար առնչող ու կամրջող համահայկական օրակարգի ՄԵԾ եւ զգալի բացակայութիւն։

Շուտով՝ աւելին»։

Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

«Զարմանալի է որ տակաւին հայ քաղաքական մտքի եւ հայազգի վերլուծաբաններու մօտ հայեացքներ գոյութիւն ունին, որոնք հայկական իրականութիւնը կը դիտեն պարզունակ Հայաստան-Սփիւռք կտրուածքով, ենթադրելով թէ կայ մէկ եւ յստակ Հայաստանեան մօտեցումներու (կամ նոյնիսկ շահերու) ամբողջութիւն, եւ թէ միւս կողմէ գոյութիւն ունի սփիւռքահայ միատարր հոգեբանութիւն, կամ առաջնահերթութիւններու հանգանակ։ 

Այսպիսի պարզեցուած վերլուծումները այլեւս անհեթեթ են, ժամանակավրէպ են, եւ նոյնիսկ որոշ իմաստով ալ արգելակիչ՝ այս նիւթերու շուրջ որեւէ լուրջ վերլուծական դաշտ ստեղծելու իմաստով, եւ իրականութիւնները խորապէս հասկնալու համար։ Թէ հայկական տարբեր ամբողջութիւններու միջեւ «նոյնութիւններ» կամ կամրջող ազդակներ պէտք է որոնել , եւ անոնց վրայ խարսխուող ուժականութիւն առաջադրելու փորձ կատարել՝ այդ արդէն ուրիշ բան է։