ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ գտնուող մարտական յենակէտին մէջ մահացու հրազէնային վիրաւորումներով յայտնաբերուած շարքային Մուրատ Աշոտի Մուրատեանը Կոտայքի մարզի Բուժական համայնքէն էր։
Ան 2020 թուականի 27 Յուլիսին զօրակոչուած էր բանակ, մասնակցած էր 44–օրեայ պատերազմին։
Մուրատը ընտանիքի կրտսեր զաւակն էր, ան երեք քոյր ունի։
Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ 19 Օգոստոսին, ժամը 02։15-ի սահմաններուն, հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ գտնուող մարտական յենակէտին մէջ յայտնաբերուած են շարքայիններ, 2002-ի ծնունդ Մուրատ Աշոտի Մուրատեանի, 2002-ի ծնունդ Լեւոն Ռաֆայէլի Յարութիւնեանի, եւ 2002-ի ծնունդ Գոռ Արտակի Սահակեանի դիերը՝ հրազէնային վիրաւորումներով։
։Ըստ նախարարութեան՝ այս պահուն եղած նախնական տեղեկութիւններով՝ տեղի ունեցածը կապ չունի հակառակորդի հետ։