Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութեան (SOAR) Թորոնթոյի մասնաճիւղը հանգանակային ճաշկերոյթ մը ձեռնարկած է, ուր ներկայ թորոնթոհայութեան ներկայացուած է SOAR-ի առաքելութիւնը 2005 թուականէն մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրները՝ հայ ազգի որբերուն եւ յատուկ պարագաներ ունեցող զաւակներուն բարօր կեանք մը ապահովելու ի խնդիր։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հանգանակային ծրագիրները թորոնթոհայ համայնքի մշակոյթին անբաժան մասնիկը եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ. անոնց միջոցաւ է, որ մեր ազգի կարօտեալ զաւակներու կարիքներուն, կարելիութեան սահմաններէն ներս, կը հասնին։ Այդ կազմակերպութիւններու վառ օրինակներէն մէկն է 2005 թուականին՝ Ճորճ Եագուպեանի կողմէ հիմնադրուած ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն SOAR-ը (Society for Orphaned Armenian Relief – Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութիւն), որուն գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ֆիլատելֆիոյ մէջ։
SOAR-ը օգտակար կը դառնայ եւ կ’աջակցի երկու հազար որբացած եւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող երեխաներու եւ մեծահասակներու։ Սոյն կազմակերպութիւնը աշխարհի շուրջ ունի երեսունհինգ հաստատութիւններ՝ Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հարիւր քառասուն մասնաճիւղ, հինգ պատանեկան խումբ, քոլէճի խումբ մը եւ վեց հարիւրէն աւելի կամաւորներ:
SOAR-ի ներկայացուցած օժանդակութիւնը հայ մանուկներուն ու որբերուն լայնածաւալ է եւ կ’իրականանայ մեր ազգի զաւակներուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ։ Այս մեկնակէտէն ելլելով, SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը հանգանակային ճաշկերոյթ մը ձեռնարկած էր 8 դեկտեմբեր 2024-ին, «Լաւաշ» ճաշարանէն ներս, ուր ներկայ թորոնթոհայութեան ներկայացուեցաւ SOAR-ի առաքելութիւնը անցեալէն այսօր, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրները՝ մեր ազգի որբերուն եւ յատուկ պարագաներ ունեցող զաւակներուն բարօր կեանք մը ապահովելու ի խնդիր։
Մտերմիկ մթնոլորտի եւ համադամ ուտեստեղէններով ու քաղցրեղէններով ճոխացած սեղաններու շուրջ հաւաքուած ներկաները դիմաւորեցին SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամներ՝ Անիդա Քունտաքճեանը (նախագահ), Վանիկ Ճէլիլեանը (փոխնախագահ), Սառա Շահմուրադեանը (համայնքային կապերու տնօրէն), Նայիրի Ներսէսեանը (տնօրէն)։ Տեսերիզի եւ նկարներու ցուցադրութեան եւ մեկնաբանութիւններու միջոցաւ ներկայացուեցան SOAR-ի առաքելութիւնն ու ծրագիրները։
SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի խորհուրդի նախագահ Անիդա Քունտաքճեան պատմական հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց SOAR-ի հիմնադրման պատմութիւնը, ապա՝ մանրամասնեց կազմակերպութեան կեդրոններն ու ֆոնտերը, որոնք են՝ SOAR անցումային կեդրոններ, հովանաւորութեան ֆոնտ, մանուկներու տակդիրի (diaper) ֆոնտ, ատամնաբուժական կեդրոն եւ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու օժանդակութեան ֆոնտ ու կեդրոն։ Ան նաեւ ներկայացուց կազմակերպութեան մատուցած օժանդակութիւնները եւ ծառայած ոլորտները, ինչպէս՝ ակնաբուժական շարժական ծառայութիւն, արուեստի եւ երաժշտական բուժումներ, անհատական հաստատութիւններու կարիքներ եւ երեխաներուն ծառայութիւններ հայթայթել իրենց տուներէն ներս: Կազմակերպութեան նախագահը երախտագիտութեամբ ներկայացուց SOAR Թորոնթոյի պատանեկան մասնաճիւղի խորհուրդի անդամները՝ Լուքաս Քունտաքճեանը, Կարպիս Կարապետեանը, Լիլիա Խէյիրը եւ Գաբրիէլ Ֆաթուլը։
Անիդա Քունտաքճեան, 2019 թուականի յունիսին, Հայաստանի մէջ ունեցած իր անձնական փորձառութեան մասին պատմելով՝ յիշեց, թէ ինչպիսի՞ ոգեշնչող ժամանակ եւ խոր զգացմունքային կապ ունեցած էր դժուար պայմաններ ունեցող որբերու հետ:
Փոխնախագահ Վանիկ Ճէլիլեան, պաստառին վրայ ցուցադրուած նկարներուն եւ տեսաերիզին միջոցաւ, իր տպաւորութիւնները ներկայացուց Հայաստանի մի քանի որբանոցներու եւ անցումային կենդրոններու մէջ ունեցած իր վերջին այցելութեան (օգոստոս 2024) մասին: Պարոն Ճէլիլեան անձամբ ներկայ եղած եւ օժանդակութիւններու շնորհիւ երեխաներուն երջանկութեանն ու երախտագիտութեանը ականատեսը դարձած է։ Ուշագրաւ էր այն յուզիչ պահը, երբ ան խօսեցաւ կոյր փոքրիկին իրեն մօտենալուն եւ ձեռքերը բռնելուն պահը, որ հեգեկան կապի մը ստեղծման նպաստած էր, ինչպէս նաեւ պարմանուհիի մը՝ դաշնամուրի վրայ կատարած ճազային երաժշտութեան կատարումը ներկայացնելով՝ ըսաւ․ «Չնայած իրենց առջեւ կանգնած դժուարութիւններուն, երեխաները մեզի դիմաւորեցին ժպիտներով եւ ջերմութեամբ։ Այո՛, անոնք թէեւ դժուարին պարագաներու մէջ են, սակայն մեր աջակցութեամբ կրնան անոնք ուրախանալ եւ ինչո՞ւ չէ՝ խաղալ, երգել ու նուագել։
SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի տնօրէն Նայիրի Ներսէսեան խօսք առաւ ու մանրամասնեց մասնաճիւղի ներդրումները, ինչպէս նաեւ՝ երկու միջազգային միջոցառումներու կազմակերպման մասնակցութիւնը։ Ան ներկայացուց 2019-2020 կազմակերպուած Նոր տարուան ծրագիրներուն յաջողութեան, 2020-ին հազուագիւտ հիւանդութեամբ տառապող ութ ամսական Ատային բուժման հանգանակութեան մասին, 2020-2021 թուականին Արցախի մէջ զոհուած հերոսներու կարգ մը ընտանիքներու հովանաւորութեան, 2021 կարօտեալ եւ որբ փոքրիկներու գծագրած նկարներու աճուրդի միջոցաւ իրականացած օժանդակութեան, 2022-ի Նոր տարուան նուէրներու մատուցման առիթին, 2023-ին Paint and Sip ծրագիրին, որուն հասոյթով մէկ տարուան տեւողութեամբ սնունդի մատակարարում կատարուեցաւ յատուկ պարագաներ (special needs) ունեցող 10-12 տարեկան փոքրիկներու, ինչպէս նաեւ 2024-ին՝ Carassauga փառատօնի հասոյթին, որ տրամադրուեցաւ վեց պատսպարաններու եւ մէկ տարուան տեւողութեամբ որբ մը հովանաւորելուն։
Ոգեւորուած ներկաներուն ուղղած հարցումներուն պատասխաններէն եւ ներկայացուած առաքելութեան մասին զրուցելէն ետք հանգանակութեան եւ նուիրաբերելու ժամը հասած էր։
Ներկաները մօտեցան խորհուրդի անդամներուն եւ իրենց նուիրատուութիւններով Նոր տարուան առիթով նուէրներ հայթայթելու առիթը ընծայեցին՝ հայ փոքրիկին դէմքին ժպիտ մը գծելու եւ անոր կեանքի ուղիին վրայ լոյս մը վառելու հնարաւորութիւնը ստեղծելով։
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները գոհունակութեամբ պարուրուած սրտերով հրաժեշտ տուին իրարու եւ SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամներուն, որոնք հայ որբերուն Նոր տարին բերկրալի պիտի դարձնէին այդ լումաներով գնուած նուէրները նուիրելով։ ֎
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025 թիւին մէջ: