image

Իրանցի դիւանագէտ. Իրան-Ատրպէյան ամուր կապերը նաեւ ի նպաստ Հայաստանի են

Իրանցի դիւանագէտ. Իրան-Ատրպէյան ամուր կապերը  նաեւ ի նպաստ Հայաստանի են

Իրանա-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները բարելաւուած են, իսկ տնտեսական յարաբերութիւնները առաջ կ'ընթանան երկու երկիրներու միջեւ կայացած երկկողմ հանդիպումներէն ետք։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը, հաղորդած է Mehr-ը։

Ատրպէյճանի փոխվարչապետը եւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրփաշը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու համատեղ նախագիծերը եւ Ասթարայի մէջ իրանա-ատրպէյճանական համատեղ յանձնաժողովին բարձրացուած հարցերը:

Ինչ կը վերաբերի համատեղ նախագիծերուն, այդ շարքին՝ Աղպանտի կամուրջի, սահմանային վերջակայանին եւ Խուտաֆերինի ամբարտակի առաջընթացի մասին զեկոյցին, Պազարփաշն ըսած է, որ համապատասխան մարմիններուն տրուած են անհրաժեշտ ցուցումներ՝ նախագիծերու իրականացումը արագցնելու համար:

Ան աւելցուցած է, որ Իրանի մաքսային վարչութիւնը նոյնպէս կը գտնուի Ասթարայի հետ սահմանին՝ առկայ խնդիրներուն լուծում տալու համար։

Պազրփաշն ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ չընդունիր օտարերկրեայ միջամտութիւնը տարածաշրջանի երկիրներու հարցերուն։

Անոր խօսքով՝ Իրանը իր հարեւանութեան քաղաքականութիւնը կ'օգտագործէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը լուծելու համար:

Ատրպէյճանի փոխվարչապետը աւելցուցած է, որ իրանա-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները բարելաւուած են երկկողմ հանդիպումներէն ետք, իսկ տնտեսական յարաբերութիւնները նոյնպէս բարգաւաճած են:

Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ որոշ քաղաքական տարաձայնութիւններ հնարաւորինս շուտ կը լուծուին:

Ան նաեւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարը հրաւիրած է հոկտեմբերին Ատրպէյճան։