Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը երկար տարիներով հովանաւորող իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանի Սան Ֆրանսիսքոյի բնակարանին մէջ, օրերս տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին կարելի եղած է ի նպաստ համալսարանին 500,000 տոլար հանգանակել։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը երկար տարիներով հովանաւորող իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանի Սան Ֆրանսիսքոյի բնակարանին մէջ, 23 Նոյեմբերին տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին կարելի եղաւ ի նպաստ համալսարանին 500,000 տոլար հանգանակել։
Հեղինակաւոր իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեան այժմ հանգստեան կոչուած է. ան զանազան միջոցներով նպաստած է հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերուն եւ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Քրիսթինի հետ, մաս կազմած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նեցուկ կանգնելու կողքին։
Տէյվիտ Պալապանեան նաեւ եղած է Հայ իրաւաբանական միութեան առաջին նախագահը։
Վերոնշեալ հաւաքին ընթացքին, հիւրընկալին բարի գալուստի խօսքէն ետք, ելոյթներ ունեցան համալսարանին պատուոյ նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան, համալսարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Լորընս Փից եւ համալսարանի փոխնախագահ Գայիանէ Խաչատրեան։ Անոնք յոյժ կարեւոր նկատեցին Հայաստանի ապագային համար կենսական դերակատարութիւն ունեցող այս հաստատութեան զօրակցութիւն տրամադրելը, յատկապէս այս ժամանակահատուածին, երբ Հայաստան շարք մը մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։
Ներկաները նաեւ վայելեցին ջութակահար Անի Պուքուճեանի կատարումները։