Պէյրութի մէջ առկայ տնտեսական դժուար պայմաններուն հետեւանքով հայկական շրջանակներ կը շարունակեն կազմակերպուած ճիգերով օգնութիւններ տրամադրել մասնաւորապէս անապահով խաւերուն։
Այս ծիրին մէջ եւ ըստ Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթին օրերս օժանադակութիւններ բաշխուած են Նոր Հաճնոյ բնակիչներուն։
Աղբիւրը այս մասին լրատւութիւն մը տուած, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Նոր Հաճնոյ Օժանդակութեան Մարմինը շարունակելով իր ընկերային ծառայութիւնը, Շաբաթ, 20 Մարտ 2021-ին, աշխատանքային ծրագրի երկրորդ հանգրուանով, անգամ մը եւս եւ առաւել խանդավառութեամբ՝ Աստուծոյ տուած բարիքներով եւ օրհնութիւններով, ձեռնարկեց Նոր Հաճնոյ, Մար Մըխայէլ եւ Քարանթինա շջաններուն մէջ 150 հոգիի պահքի ճաշատեսակներու բաշխման։