image

Իսրայէլ նոր հարուածներ հասցուցած է Լիբանանին

Իսրայէլ նոր հարուածներ հասցուցած է Լիբանանին

Իսրայէլը վաղ առաւօտեան հարուած հասցուցած է Պէյրութէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պշամուն քաղաքի բնակելի շէնքին, որուն հետեւանքով առնուազն 2 մարդ զոհուած է, եւս 5 հոգի՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան։

Հարուածի ենթարկուած շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է։

Բացի այդ, Իսրայէլը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւին՝ թիրախաւորելով Amana ընկերութեան պատկանող կազալցակայանը, ուր խոշոր հրդեհ բռնկած է։

Նշուած է, որ Մարտ 2-ին «Հըզպալլա»-ի հետ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Իսրայէլը հարուածներ հասցուցած է Amana-ի լցակայաններուն՝ պնդելով, որ ընկերութիւնը կը կազմէ խմբաւորման «տնտեսական ենթակառուցուածք»-ի մէկ մասը։