ԶՊՄԿ-ի որդեգրած «Կայուն զարգացման» ծրագիրները կը շարունակուին մեծ յաջողութեամբ։ Այդ ծրագիրներուն մէջ բնականաբար լաւագոյն տեղ տրամադրուած է համայնքներուն, որոնք կը գտնուին ԶՊՄԿ-ի աշխատանքային դաշտին յարակից։ Երբ կը խօսինք առողջ համայնքի մասին, ապա նաեւ նշած կ՚ըլլանք, որ համայնքներուն մէջ եղող բարելաւումներն ու առաջդիմութիւնը մեծապէս կը սատարեն, որ այդ շրջաններուն մէջ երեւելի դառնայ մարդագրական պատկերի իրական աճ։ Ի հարկէ համաշխարհային խնդիր է, որ մարդիկ գիւղերն ու գաւառները թողնելով հասնին դէպի քաղաքներ ու կեանքն ու կենցաղը վերածեն «քաղաքակեդրոն» վիճակի մը։ Վտանգը անշուշտ գիւղական համայնքներու դատարկումն է, որ այսօր եւս պէտք է դառնայ կիզակէտային օրակարգ եւ լուծումներ պահանջող հիմնադրոյթ։ Ու այս առումով ալ տարուելիք աշխատանքները բնականաբար պէտք է ընթացք առնեն, նոյն այն գօտիներէն, որոնք կարիքն ունին իրական եւ մշտական նեցուկի։ Այդ նեցուկը ի վերջոյ պէտք է յառաջ տարուի, որպէսզի համայնքները եւս կարողանան քայլ պահել այն գործընթացներուն հետ, որոնք անմիջական կերպով կապուած են հանքամշակման, եւ հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքներուն հետ։ տնտեսութեան հիմնարար նեցուկ մը բերելու տեսակէտէն։
Այս առումով ալ օրերս Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատը (ԶՊՄԿ) Սիւնիքի կենսական պէտքեր ունեցող համայնքներուն մէջ ընթացք տուած է արեւային վահանակներու ու ջրատաքացուցիչներու տեղադրման աշխատանքին։ Այսպիսով յստակ կը դառնայ, որ Սիւնիքի տարբեր համայնքներու խնդիրները կը շարունակեն մնալ ԶՊՄԿ-ի ուշադրութեան կեդրոնին եւ այդ առումով ալ այդ հիմնախնդիրները կը համարուին կազմակերպութեան ընկերային պատասխանատւութեան ամէնէն առաջնային օրակարգերէն։ Արեւային սարքաւորումներու տեղադրումը պիտի իրականացուի քանի մը փուլով։ Այդ սարքերը նախ պիտի տեղադրուին 38 տուներու մէջ, ապա հերթը պիտի հասնի նաեւ Սիւնիք գիւղի յարակից հինգ փոքր բնակավայրերու։
Ի դէպ սոյն կենսական ծրագրին մասին ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է ԶՊՄԿ կայուն զարգացման գծով տնօրէն՝ Արմէն Ստեփանեան։ Ստեփանեան մասնաւորապէս ըսած է «ԶՊՄԿ-ի որդեգրած քաղաքականութիւնը ընկերային ներդրումներու առումով հիմնականին մէջ կեդրոնացած է ազդակիր համայնքներու շուրջ։ Այդ առումով կարեւոր ուշադրութիւն կը դարձնենք մարզական, մշակոյթային ոլորտներուն եւ անշուշտ այդ բոլորէն անմասն չեն մնար որոշ համայնքներու կենսական կարիքները։
Այդ առումով ալ նախ առաձնացուցած ենք այն 5-6 առաջնահերթութիւն ներկայացնող խնդիրները, որոնցմէ երեւի կէսը ԶՊՄԿ-ի շրջանակներէն դուրս էր, սակայն կային հարցեր, ուր մենք մեր ուղիղ կամ միջնորդաւորուած մասնակցութեամբ կրնանք օգտակար ըլլալ, որոնցմէ մէկը արեւային վահանակներու եւ ջրատաքացուցիչներու տեղադրման աշխատանքն էր։
Նման մեծ ծրագիրներ իրականացնելը, նաեւ բնապահպանական մեծ նշանակութիւն ունին, եւ դրականօրէն կ՚ազդեն կենսոլորտի պահպանման ու CO2-ի կրճատման տեսանկիւնէն։ Ի դէպ չմոռնամ ըսել, որ մեր ոլորտին մէջ առողջ մօտեցում մը կայ, ըստ որուն՝ «Եթէ իրագործումը Լաւ է կազմակերպութեան, լաւ է համայնքին», ինչպէս նաեւ հակառակը՝ «Լաւ է համայնքին, լաւ է կազմակերպութեան»։ Այս հիմքով պիտի գործենք եւ անշուշտ յարաճուն յաջողութիւններէն օգտուելով աւելի լայն շրջանակներ ընդգրող ծրագիրները իրականութիւն պիտի դարձնենք։
Նիւթը պատրաստեց «Արեւելք»ը