Սիւնիքի զօրամասերէն մէկուն մէջ զինծառայող մահացած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։
«Յունիսի 24-ին ՀՀ ՊՆ ՌՈ Սիսիանի բաժնից հաղորդում է ստացուել ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Դաւիթ Վահանի Ներսիսեանի մահուան մասին։ Ըստ հաղորդման՝ զօրամասում շարքում կանգնած ժամանակ զինծառայողի մօտ ժամը 9:40-ի սահմաններում նկատուել է ինքնազգացողութեան յանկարծակի վատացում եւ գիտակցութեան կորուստ, որի կապակցութեամբ շտապ կարգով տեղափոխուել է զինուորական հոսպիտալ, որտեղ ժամը 10:00-ի սահմաններում արձանագրուել է զինծառայողի կենսաբանական մահը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան երրորդ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով (սպանութիւն)։
Նախաքննութեան շրջածիրէն ներս կատարուած է դիակի արտաքին զննութիւն, որու արդիւնքով մարմնի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։
Հարցաքննուած են շարք մը անձինք, բուժհաստատութենէն առգրաւուած են մահացած զինծառայողին վերաբերող բժշկական փաստաթուղթերը։
Մահուան պատճառները պարզելու նպատակով նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։ Կը կատարուի նախաքննութիւն: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի քննչական ու վարութային գործողութիւններ՝ զինծառայողի մահուան հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։