Օրերս Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է շրջանի ՀՅԴ կուսակցութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Արման Նարնլը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Աւստրալիոյ մէջ գործող «Արմինիա-Միտիա» կայքէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝
3 Օգոստոս 2022-ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Արման Նարնլին:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 9 Օգոստոս 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`
ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ Ընկեր Արման Նարնլիի մահը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Արմանին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա