image

«Սիրելի մայրս, տեւաբար եղար մեր օճախին ճրագը».Ռաֆֆի Գույումճեան

«Սիրելի մայրս, տեւաբար եղար մեր օճախին ճրագը».Ռաֆֆի Գույումճեան

 Հալէպահայ մեր հայրենակից Ռաֆֆի Գույումճեան օրերս սրտառուչ գրութեամբ մը հանդէս գալով ոգեկոչական խօսքեր գրած է իր հանգուցեալ մայրիկի  

Ալիս Գույումճեան- Պէպէճեանի յիշատակին։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք  Ռաֆֆի սրտատրոփ  խօսքերը ՝ Սիրելի  մայրս` տասը տարիներ առաջ այս աշխարհէն մեկնեցար։ Բաժնուեցար մեզմէ անակնկալ կերպով։ Չէինք պատկերացնէր թէ անվերադարձ պիտի մեկնիս...։ Այս ցնցիչ իրականութիւնը մինչեւ հիմա կը յուզէ իմ հոգին։ Կարօտի զգացումով տակաւին կ`ապրիմ։ Տնեցիներով մայրական սէրդ վայելեցինք։ Ջերմ ներկայութիւնդ մեզի համար ուրախալի էր։ Քաղցր յիշատակդ կը մնայ անբաժան իմ մտածումներուս, ապրումներուս եւ զգացումներուս մէջ։

Երանելի օրերուս դուն իմ երջանկութեան ոսկի բանալին էիր։ Տեւաբար եղար մեր օճախին ճրագը։

Ահա կրկին կը յայտնեմ քեզի իմ խորին յարգանքը, խնդրելով Աստուծմէ հոգիիդ խաղաղութիւն եւ մեզի` մխիթարութիւն։

Արքայութեան արժանի ըլլաս։