image
Հրատապ լուրեր:

Շոյկուի հրահանգը. «Դուրս գալ Խերսոնէն»

Շոյկուի հրահանգը. «Դուրս գալ Խերսոնէն»

Ռուսական ուժերու միացեալ խմբաւորման հրամանատար Սերկէյ Սուրովիքին պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուին ուղղուած զեկոյցին մէջ յայտարարած է յատուկ գործողութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կայունացման մասին։

Անոր խօսքով՝ օգոստոսէն սեպտեմբեր ուքրանական բանակը ունեցած է աւելի քան 9500 սպանուած ու վիրաւոր մարդ, կը հաղորդէ է «ՌԻԱ Նովոստին»։

Միաժամանակ, Խերսոնի ուղղութեամբ հակառակորդը հարուածներ կը հասցնէ տեղական ինքնակառավարման կառոյցներուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն եւ ընկերային նշանակութեան այլ կառոյցներու։ «Խերսոնը եւ յարակից բնակավայրերը չեն կրնար լիարժէք մատակարարուիլ եւ գործել, մարդոց կեանքը մշտապէս վտանգի տակ է»,-ըսած է ան։ աւելցնելով՝ շրջանէն տարհանուած է աւելի քան 115 000 մարդ։

Անոր խօսքով, Խերսոնի ուղղութեամբ ռուսական զօրքերու կորուստները 7-8 անգամ քիչ են, քան Ուքրանիոյ Զինուած ուժերունը։ «Ինչպէս յայտնի է, յարձակվող կողմը աւելի մեծ կորուստներ կը կրէ, քան պաշտպանական դիրքի վրայ գտնուողը: Այս պարագային մեր կորուստները 7-8 անգամ պակաս են հակառակորդի կորուստներէն։ Մենք առաջին հերթին կը մտածենք իւրաքանչիւր ռուս զինծառայողի կեանքի մասին»։

Սուրովիքին ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կը շարունակեն գնդակոծել Քախովքա ամբարտակը, որ կրնայ ջրհեղեղ առաջացնել եւ զգալի զոհերու պատճառ դառնալ։ «Նպատակայարմար է պաշտպանութիւն կազմակերպել Տնեփր գետի արգելապատնեշի սահմանով, անոր ձախ ափի երկայնքով...Տնեփրի ձախ ափին պաշտպանուելու որոշումը հեշտ չէ, բայց միեւնոյն ժամանակ մենք պէտք է պահպանենք մեր զինուորականներու կեանքն ու զօրքերու խմբաւորման մարտունակութիւնը»-ըսած է ան:

Ան նշած է, որ յատուկ գործողութեան տարածքին մէջ իրավիճակը կայունացած է, միացեալ խմբաւորման եւ ուժերու մարտական հնարաւորութիւնները զգալիօրէն մեծցած են, մարտական կազմի քանակը աւելցած է, ստեղծուած են պահեստազօրքեր։ Որոշ ուղղութիւններով ռուսական զօրքերը վերսկսած են յարձակողական գործողութիւնները, սակայն հակառակ կենդանի ուժի եւ տեխնիկայի մեծ կորուստներուն, հակառակորդը չի հրաժարիր յարձակողական փորձերէ, անոր բոլոր գրոհները ժամանակին կը կասեցուին։

Պաշտպանութեան նախարարը համաձայնած է Սուրովիքինի առաջարկին։ «Սկսէք զօրքերը ետ քաշել եւ ձեռնարկեցէք բոլոր միջոցները՝ ապահովելու անձնակազմի, սպառազինութեան եւ տեխնիկայի անվտանգ տեղափոխումը Տնեփր գետի այն կողմը»,- ըսած է Շոյկուն: