Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած չափազանց բարդ մարտահրաւէրներու պարագային, այս իշխանութիւնները ամբողջ աղբիւրը կեդրոնացուցած են ընդդիմադիրները հետապնդելու, խոշտանգելու, ամէն գնով կալանաւորելու եւ գերագոյն ճիգերով կալանքի մէջ պահելու գործին: Բացառապէս իրենց քաղաքական հայեացքներու համար կալանաւորուած են Առուշ Առուշանեանը, Մանուէլ Փարամազեանը, Նարեկ Մանթաշեանը եւ Գառնիկ Իսակուլեանը:
Այսօր, արդէն, չենք զարմանար նոյնիսկ դատաւորին արդարադատութեան իրականացման համար կալանաւորելէ: Սա իրաւական խայտառակութեան նոր նշաձող է: Սա դատական համակարգի անկախութեան վերացման յատուկ գործողութիւն է եւ կալանքով ահաբեկման նոր ալիք: Կատարուողը իրաւական պետութեան քայքայումն է՝ միջազգային կառոյցներու լուռ աջակցութեամբ:
Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը թոյլ ու անկարող է բարդ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Անոր փոխարէն, կ'ընեն ամէն ինչ՝ ներսը դիմադրութիւնը կոտրելու նպատակով: Ակնյայտ է, որ այսօր թիւ մէկ գլխացաւանքներու շարքին իշխանութիւնն է։
Այս գործընթացները չեն կրնար երկար տեւել, անոնք, ի վերջոյ, պիտի մօտենան վախճանին, քանի որ ապօրինութիւններու այս ծաւալը ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ մարսել: Շուտով պիտի գայ պատասխան տալու ժամանակը: