Օրերս ԱՄԷ-ի Թեմակալ Առաջնորդի նախաձեռնութեամբ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ընթերցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2026 թուականի «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի» բնաբանով պատգամը։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի 25 Յունուար 2026-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2026 տարուայ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի» պատգամը:
Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը նախագահելով Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս մատուցուած Պատարագը ընթերցեց պատգամը, իսկ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն ներս պատգամը ընթերցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանը:
