image
Հրատապ լուրեր:

Շարրա. «Վերահսկողութեան տակ պիտի առնենք ամբողջ երկիրը»

Շարրա. «Վերահսկողութեան տակ պիտի առնենք ամբողջ երկիրը»

Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմատ Շարրան, իր առաջին ելոյթին մէջ յայտարարած է անցումային կառավարութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին, ինչպէս նաեւ խոստացած է վերահսկողութեան տակ վերցնել երկրի ողջ տարածքը։

«Առաջիկայ ժամանակաշրջանին մենք պիտի կեդրոնանանք շարք մը առաջնահերթ խնդիրներու լուծման վրայ, ներառեալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման գործընթացի աւարտը` մէկ հողի վրայ մէկ իշխանութեան ներքոյ։ Պիտի աշխատինք ձեւաւորել անցումային կառավարութիւն, որ պիտի ներկայացնէ բոլոր սուրիացիներու, այդ շարքին՝ կանանց եւ երիտասարդներու շահերը», -ըսած է Շարրան։

Ան ըսած է, որ կառավարութիւնը պատասխանատու պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ նոր պետական ​​հիմնարկներու ստեղծման համար՝ մինչեւ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու փուլը եւ՝ ապահովէ, որ քաղաքական գործընթացն իրականացուի օրէնքի գերակայութեան շրջածիրէն ներս։