image

Շարլ Միշէլ Երեւանին ու Պաքուին երկխօսութեան կոչ կ'ընէ

Շարլ Միշէլ Երեւանին ու Պաքուին երկխօսութեան կոչ կ'ընէ

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ այսօր կրկին կոչ ըրած է Երեւանին եւ Պաքուին երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները լուծել երկխօսութեան միջոցով։ 

«Ձգձգուած հակամարտութիւնները լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանան «Արեւելեան գործընկերութեան» տարածաշրջանին համար։ Պէտք է նոր ջանքեր գործադրել, որպէսզի հակամարտութիւնները լուծուին միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ։ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դերակատարութիւն ստանձնելու հակամարտութիւններու կարգաւորման, զանոնք կանխելու ուղղութեամբ», յայտնած է Շարլ Միշէլ՝ յաւելելով․ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը վկայեն, թէ որքան փխրուն է իրավիճակը։ Որեւէ կասկած չունիմ՝ միայն քաղաքական երկխօսութիւնն է, որ կրնայ յանգեցնել յարատեւ լուծման։ Երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները եւս կրնան նպաստել անոր՝ կամրջելով հանրութիւնները եւ աջակցելով հաշտեցման ուղղուած ջանքերուն»։