image

«Շապաք»ի պատասխանատու մը. «Մենք մեծ ձախողութեան մէջ ենք»

«Շապաք»ի պատասխանատու մը. «Մենք մեծ ձախողութեան մէջ ենք»

Իսրայէլի անվտանգութեան գործակալութեան՝ «Շապաք»ի անձնաւորութիւններու պաշտպանութեան բաժնի նախկին պատասխանատու Միքի Ֆայնպըրկ մեկնաբանած է Իրանի օգտին լրտեսող եւ պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի տան մէջ աշխատող իսրայէլցի լրտեսի յայտնաբերման դէպքը՝ ըսելով, որ դժուար է հաւատալ, որ լրտեսը «շրջանցած է «Շապաք»ի դասակարգման գործընթացը»: Ան աւելցուց, որ «Այս երիտասարդը յաջողած է փախուստ տալ: Խօսք կայ տեղական շատ մեծ ձախողման մասին՝ բազմաթիւ հետեւանքներով»։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւնները դաւաճանութեան եւ իրանեան օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով ձերբակալած են Օմրի Կորեն անունով բանուոր մը, որ կը ծառայէր պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի տան մէջ՝ տնային աշխատանք եւ մաքրութիւն կատարելով:

Հետաքննութիւնը պարզած է, որ «Կորենը կապ հաստատած է Իրանի հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութեան հետ եւ անոր օգնութիւն առաջարկած է լրտեսութեան մէջ», օրինակ՝ Կանցի համակարգիչին մէջ լրտեսող ծրագրեր տեղադրել, եւ իր լրջութիւնը ապացուցելու համար «ան նկարահանած է Կանցի տան քանի մը վայրերը»: 

Կանցի հեռախօսը նախապէս խափանուած էր 2019 թուականի Մարտին, երբ ենթադրուեցաւ, որ գործողութեան ետին կանգնած են իրանցի ցանցահէնները։

Իր հերթին, «Yedioth Ahronoth» թերթը այս միջադէպը որակած է որպէս ««Շապաք»ի աղմկայարոյց ձախողում», որովհետեւ Կորենը չեն կրցած հեռացնել՝ նախքան պաշտպանութեան նախարարին տան մէջ աշխատանքի անցնիլը: Թերթը յաւելեց, որ այդ հարցին հետ պէտք է վերբերիլ «որպէս վտանգ», որովհետեւ այդ կը նշանակէ, որ «իրանցիները գործնականին մէջ գաղտնալսած են նախարարը»: 

Լրատուականը շարունակած է՝ ըսելով. «Յստակ է, որ ձախողում եղած է մարդը աշխատանքի ընդունելու հարցով, պէտք է կանխորոշուէր եւ թոյլ չտալ, որ այդպիսին աշխատի պաշտպանութեան նախարարին անմիջական մօտակայքը»: