image
Հրատապ լուրեր:

Շահան Արծրունիի երաժշտական ծրագիրը՝ Հայաստանի մէջ «Այլեւս՝ տարին անգամ մը… ժամանակը սուղ է»

Շահան Արծրունիի երաժշտական ծրագիրը՝ Հայաստանի մէջ «Այլեւս՝ տարին անգամ մը… ժամանակը սուղ է»

Ամերիկաբնակ պոլսահայ երաժիշտ, նշանաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունին Հայաստանի մէջ այս տարի եւս բարեյաջող կերպով աւարտեց իր՝ արդէն աւանդական դարձած վարպետութեան դասերն ու մարզային համերգները: Այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 2017 թուականին՝ Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) հետ համատեղ, իսկ դաշնակահարը Հայաստանի մէջ արդէն չորրորդ անգամ վարպետութեան դասեր եւ համերգներ կ՚ունենայ: Նախորդ նմանատիպ այցերը եղած են 2017, 2019, 2022 թուականներուն:

Այս տարի ծրագիրը իրականացուեցաւ մայիսի 14-30 թուականներուն միջեւ: Երեւանի մէջ անպատեհ ցոյցերու եւ անըմբռնելի բախումներու թէժ օրեր են, եւ այդ ջղային ու յուսահատեցնող մթնոլորտէն հեռու՝ հայ երաժիշտը մարզերու երաժշտական դպրոցներու մտերմիկ միջավայրերուն մէջ արուեստի նիւթեր փոխանցեց հայ մանուկին եւ մանկավարժին:

Շահան Արծրունին այցելեց Կիւմրի, Դիլիջան, Գորիս, Սիսիան, Ալլավերտի, Ստեփանաւան, Աշտարակ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ՝ Վրաստան, ուր աշխատանոց ու համերգ ունեցաւ Ախալքալաքի մէջ: Մինչեւ արցախեան յայտնի իրադարձութիւնները, ան նաեւ Արցախ այցելած է, արցախցի մանուկներուն հետ նոյնպէս աշխատանք տարած է:

Շահան Արծրունիի համագործակցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) բարեսիրական կազմակերպութեան հետ տակաւին 1989 թուականէն սկսած է: Կազմակերպութեան գլխաւոր գրասենեակը տեղակայուած ըլլալով Նիւ Եորք՝ Հայաստանի մէջ իր աշխատանքները կը տանի հայաստանեան գրասենեակներու միջոցով: Երեւանի գրասենեակի աջակցութեամբ ալ կը կազմակերպուին այս երաժշտական ձեռնարկները, ինչ որ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ ընդհանրապէս:

Շահան Արծրունի նախորդ տարիներուն ՀՕՖ-ի հետ զանազան ձեռնարկներ ունեցած է (կրթական, բարեսիրական, տարեցներու ի նպաստ եւ այլն), բայց երաժշտական այս շրջագայութիւնը աւանդական դարձած է:

Այս տարի Շահան Արծրունիի բարեսիրական համերգներուն եւ աշխատանոցներուն մասնակցած են ո՛չ միայն տաղանդաշատ պատանի երաժիշտ-կատարողներ, այլեւ ան երաժշտական դպրոցներու ուսուցիչներու համար նոյնպէս կազմակերպած է վարպետութեան դասեր:

Բնականաբար, յայտնի երաժիշտը ամէն անգամ հայաստանեան այս ձեռնարկները իրականացնելու ժամանակ կ՚ունենայ նոյն նուիրական զգացումները՝ հանդէպ հայրենիքը, հայ մանուկը, արուեստի միջոցով հայ մտաւորականին կը խօսի արդիական կարեւոր նիւթերու մասին եւ ամէն անգամ լիցքաւորուած կը վերադառնայ:

Երեւանի մէջ Շահան Արծրունիի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, որմէ ետք ան մեկնեցաւ Պոլիս:

 

-Ա՛յս անգամ ձեր աշխատանոցները եւ համերգները ինչպէ՞ս անցան, ի՞նչ են ընդհանրապէս տպաւորութիւնները:

Տպաւորութիւններս դրական են, միշտ կ՚ուզեմ նոր վայրեր այցելել, թէ՛ ես նոր փորձառութիւններ կ՚ունենամ, թէ՛ նոր տղոց կը հանդիպիմ եւ անոնց կը ներկայացնեմ երաժշտութեան հանդէպ իմ մտածելակերպս: Նկատելի է, որ Հայաստանի երաժշտական դպրոցներուն մէջ ուսուցիչներուն մօտ տակաւին սովետական շրջանի մտածելակերպ կ՚իշխէ: Ատիկա դեռ գոյութիւն ունի, որ թէ՛ լաւ է, թէ՛ ոչ այնքան լաւ: Վատ է, քանի որ նորութիւններ չեն սորվեցներ աշակերտներուն, ինչ որ իրենք սորված են, նոյն բաները, նոյն մտածելակերպով, նոյն մտածումով իրենց աշակերտներուն կը փոխանցեն: Բայց իրենց գիտելիքը, միջոցները յաճախ հին են՝ գրեթէ քառասուն տարուայ հնութեամբ: Եթէ ես իմ գիտցածս չնորացնեմ, արդիական կերպով չմատուցեմ, ուրեմն ոչ մէկ արժէք ունի:

Այս այցերս Հայաստան ու ուղեւորութիւններս Հայաստանի մարզեր՝ որոշած եմ այլեւս ոչ թէ երկու տարին անգամ մը, այլ ամէ՛ն տարի իրականացնել: Որքան տարիքս կ՚առնեմ, այնքան քիչ ժամանակ պիտի ըլլայ, ուրեմն կ՚ուզեմ որքան կարելի է՝ օգտակար ըլլալ:

Մարզերը պիտի աւելնան, եւ եթէ կրնանք նաեւ Վրաստան՝ Պաթում, Թիֆլիզ ալ այցելել, շատ աւելի լաւ կ՚ըլլայ:

 

-Այս անգամ Վրաստանի մէջ Ջաւախք՝ Ախալքալաք այցելեցիք, այնտեղէն ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

Հակառակ որ սահմանը հատելու շատ դժուարութիւններ եղան (չեմ գիտեր՝ ի՞նչ էր պատճառը), բայց ընդհանուր առմամբ՝ լաւ են տպաւորութիւններս: Ախալքալաքի մէջ նկատեցի, որ անոնք, հայ ըլլալով, լեզուի դժուարութիւն ունին, հայերէնով արտայայտուիլը իրենց համար երբեմն դժուար կ՚ըլլար, աւելի դիւրին էր ռուսերէնը, երբեմն՝ վրացերէնը, նոյնիսկ անգլերէնով խօսեցան: Կը հասկնան հայերէնը, բայց շատ անգամ օգնութեան պէտք ունեցան: Ես ալ արեւմտահայերէն կը խօսէի, այդ ալ թերեւս աւելի դժուարացուց:

 

-Ձեր այս երաժշտական, համերգային ուղեւորութիւններու ծիրէն ներս նաեւ Արցախը ընդգրկած էիք: Այսօր Արցախի կորուստի ցաւը կայ, ի՞նչ են ձեր զգացողութիւնները:

Արցախի պարագային իրենք շատ կազմակերպուած էին, լաւ յիշողութիւններ եւ դրական տպաւորութիւններ ունիմ:

Ես առաջին անգամ Արցախ այցելած եմ մօտ քսան տարի առաջ: Երբ վաթսուն տարեկան եղայ, երաժշտահան Եդուարդ Միրզոյեանը, իբրեւ նուէր, զիս Արցախ տարաւ, ուզեց, որ ես համերգ մը տամ: Տուի համերգը կիսափլուած շէնքի մը մէջ, որ ամփիթատրոնի ձեւով էր: Լաւ տպաւորուած էի այդ այցով եւ համերգով, եւ երբ 2017-ին կրկին Ստեփանակերտ գացի, այդ նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցան թէ՛ վարպետութեան դասերս, թէ՛ համերգս, բայց սրահը այլեւս կիսափլուած չէր, նորոգուած էր, ատիկա շատ խորհրդանշական էր, չեմ կրնար մոռնալ:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի կորուստին, ես ա՛յս տեսակէտէ կը նայիմ. մենք՝ հայերս, երեք հազար տարի է՝ գոյութիւն ունինք: Արցա՞խը կորսնցուցեր ենք, ա՞յս կորսնցուցեր ենք, ա՞յն կորսնցուցեր ենք, մենք տակաւին պիտի շարունակենք որպէս ժողովուրդ: Կորուստը, անշուշտ, շատ ցաւալի է, ատոր կասկած չկայ, բայց ատիկա պատմութեան ընթացքին մէջ եթէ խոշոր գիծով նայինք, պզտիկ ելեւէջ մըն է: Մեր պատմութեան ընթացքին միշտ խոչընդոտներ եղած են, պիտի ըլլան, բայց մեր երթը կը շարունակուի: Ասկէ աւելի վատ ժամանակներ ալ եղած են հայութեան համար:

 

-Մարդիկ հիմա յուսահատ վիճակի մէջ են, ձեր կարծիքով՝ իբրեւ ժողովուրդ, ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի այդ երթը:

Հա՛յ ենք: Եւ այդ մէկը բաւարար է: Այսինքն մենք ունինք մշակոյթ մը, որ աշխարհի մէջ գրեթէ անզուգական է: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ մեզի չափ պզտիկ ժողովուրդ մը ունենայ իր գիրը, լեզուն: Որեւէ լեզուի հետ կապուած չէ մեր լեզուն, հնդեւրոպական լեզուներու մէջ առաջին կարգի վրայ է: Ունինք շատ պայծառ միտքեր, ստեղծագործող մօտեցում մը ունինք ընդհանրապէս ամէն ինչի հանդէպ, եւ ասոնք նպաստաւոր են մեր քաղաքակրթութիւնը պահպանելու համար: Անշուշտ, ասոր զուգահեռ, նկարագրի մը պակաս ունինք, որ շատ ցաւալի է՝ նախանձի ոգի մը կայ մեր մէջ: Երբ հայ մը առաջ կ՚երթայ, մենք կը նախանձինք:

 

-Բայց ատիկա առհասարակ մարդ արարածին բնորոշ բան մը չէ՞, միայն հայուն բնորո՞շ է:

Այո՛, միայն հայուն: Երկու տեսակ նախանձ կայ՝ բարի եւ չար: Եթէ բարի նախանձ է՝ կ՚ըսես ես ալ կ՚ուզեմ անոր պէս ըլլալ, կը ձգտիս եւ կը հասնիս, ասիկա ընդհանրապէս բոլոր ժողովուրդներու մէջ ալ կայ՝ մարդկային է ձեւով մը:

Սակայն հայը կ՚ուզէ, որ դիմացինը իր աստիճանը կորսնցնէ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ անանկ է, հայութիւնը ա՛յս տեսակ է՝ սփիւռքի մէջ առաւել եւս: Նոյնիսկ չեմ ալ գիտեր՝ կարելի՞ է այդ յատկութիւնը նկարագիրէն վերցնել, թէ՞ ոչ: Սակայն, եթէ կան որոշ անձնաւորութիւններ, որոնք առաջնորդ դառնալ կը ջանան, անոնք կրնան նուազեցնել ատիկա եւ առաջանալ:

Առաջանալու համար ուրիշ հարց մըն ալ կայ՝ մենք մեր ունեցածը, մեր ուժերը ծանօթացնել չենք գիտեր: Ինծի օտարներ ալ յաճախ կ՚ըսեն՝ դուք հայերդ չէք գիտեր ձեր այն բաները, ինչ որ աշխարհը պէտք է գիտնայ, ներկայացնել, կոպիտ ըսած՝ ծախելու ձեւը չենք գիտեր: Գովազդը շատ կարեւոր է: Մեր մշակոյթը, մեր ունեցածը ներկայացնելու համար պէտք է պարզապէս դրամ ծախսենք, ընկերութիւններ վարձենք, որոնց մասնագիտութիւնն է խօսք տարածելը, որոնք ունին տարածելու կարողութիւն, հանրային եւ այլ կապեր: Մենք պէտք է ա՛յդ անձերը, ա՛յդ միջոցները գտնենք:

Մեր մշակոյթը մեր միակ հարստութիւնն է, եւ զայն տարածելը, ծանօթացնելը անկարելի չէ, կարելի՛ է ընել, մանաւանդ երբ կայ համացանցը, որու հնարաւորութիւնները անսահման են, ինչ որ չկար քսան տարի առաջ:

Դիւրին է մանաւանդ երաժշտութեան պարագային: Այս առումով ես գաղափար մը ունիմ՝ մեր ձայնասկաւառակները՝ 1950-ական թուականներէն սկսած, թուայնացնել եւ դնել ԵուԹուպի վրայ, որպէսզի աշխարհի ժողովուրդը ծանօթանայ: Այսօր միմիայն համացանցն է, որ արագ եւ հասանելի ձեւով կրնայ այդ մէկը ընել, եւ այսօր կան այն նորագոյն միջոցները, որոնք հին ձայնագրութիւնը այնպէս մը կը թուայնացնեն, որ կը կարծես՝ երէկ կատարուած է, կարելիութիւն ունին այդ աստիճանի նրբացնել, մշակել: Մենք բարեբախտութիւն ունեցած ենք՝ մեր արուեստի մէջ Եդուարդ Միրզոյեանի պէս մէկը գոյութիւն ունեցած է, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ մշակած է Մոսկուայի մշակոյթի նախարարութեան հետ, կարողացած է գումար ստանալ եւ ձայնագրել սովետական շրջանի մեր յօրինողներու գրեթէ բոլոր գործերը: Ատիկա թերեւս տարիներ կը պահանջէ, մինչեւ որ թուայնացուին, եւ ԵուԹուպի կամ նման հարթակներու վրայ դրուին: Մէկ կողմէն այդ մէկը պէտք է կատարուի, միւս կողմէն ալ պէտք է ունենանք այն ընկերութիւնները, որոնք կը տարածեն ատոնք, կը խօսին ատոնց մասին: Գրականութիւնը աշխարհին ներկայացնելը այդքան դիւրին չէ, թարգմանութեան պարագային կը փոխուի ոգին, նկարչութիւնը նոյնիսկ նոյնը չէ, երաժշտութիւնն ալ հարիւր տոկոսով այն չէ, բայց միւս արուեստներու հետ համեմատած կենդանի վիճակէն շատ քիչ կը տարբերի համացանցի միջոցով տարածելու պարագային, ուստի, մեր արուեստը աշխարհին ներկայացնելու համար գոնէ ատով սկսինք:

 

-Այս անգամ նոյնպէս հանդիպեցա՞ք տաղանդաւոր երեխաներու:

Բոլորն ալ տաղանդաւոր երեխաներ են, բայց ցաւով ըսեմ բան մը՝ ո՛չ մէկը երաժիշտ պիտի ըլլայ, ո՛չ մէկը երաժշտութեամբ իր ապրուստը կրնայ ապահովել:

Ես միայն դաշնակահարներու հետ չէ, որ աշխատեցայ, ունկնդրեցի նաեւ շուի, քանոն, քլարնեթ եւ այլ երաժշտական գործիքներ նուագողներու, անոնց հետ ալ դասեր ըրի, եւ միշտ զանազան գործիքներ նուագողներ կ՚ընդգրկուին այս աշխատանոցներուն մէջ: Ես շատ պիտի ուզէի, որ անոնք Երեւան գային, երաժշտանոց ընդունուէին, եւ եթէ կարողութիւն ըլլար՝ դուրսը ուսանէին, բայց այն պայմանով, որ վերադառնան Հայաստան: Ցանկալի չէ, որ երթան ուսանին եւ չվերադառնան Հայաստան:

 

-Ձեր յառաջիկայ ծրագիրները ի՞նչ են:

Արդէն թողարկուած է կին յօրինողներու ստեղծագործութիւններու ձայնասկաւառակս, որ իմ ութ ձայնասկաւառակներու ծրագիրին հերթականն է:

38 հայ կին յօրինող գտած եմ աշխարհի տարածքին (վստահ եմ՝ աւելի շատերը կան, պրպտումները կը շարունակեմ): Եւ այդ կին յօրինողներու գործերը պիտի ներկայացնեմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)ի հետ համագործակցաբար: Իրենց փափաքն է, որ աշխարհով մէկ ներկայացնեմ: ՀԲԸՄ 62 մասնաճիւղ ունի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, եւ իրենք պիտի ջանան, որ գոնէ 20-25 մասնաճիւղ այցելեմ եւ կին յօրինողներու գործերը ներկայացնեմ: Այս ալ մեր արուեստը տարածելու ձեւ մըն է, միջոց է: Երբ որ կ՚ըսեմ, թէ օտարը մեր արուեստին, մշակոյթին ծանօթ չէ, պէտք է ըսեմ նաեւ, որ մենք ալ յաճախ ծանօթ չենք: Քիչեր գիտեն, որ աշխարհի առաջին կին յօրինողը հայ էր՝ Խոսրովիդուխտը (8-րդ դար), որու մէկ յօրինումը մեր Շարակնոցին մէջ է: Մեր արժէքները մենք լաւ չենք գիտեր, պէտք է նախ մեզմէ՛ սկսիլ:

Քանի՞ հոգի գիտէ, որ Անիի մայր տաճարը առաջին գոթական ճարտարապետութեան օրինակն է, մենք ալ չենք գիտեր, աշխարհն ալ գրեթէ չի գիտեր այդ մասին: Մենք ամէն ջանք պիտի ընենք ատոնք ներկայացնելու: Նորոգենք, թող զբօսաշրջիկներ այցելեն, ինչպէս Աղթամարը, որ այսօր լաւ վիճակի մէջ է: Թուրք կառավարութիւնը թող օգտուի, բայց մեր մշակոյթը այս ձեւով պահպանած կ՚ըլլանք:

Եւ ընդհանրապէս, այս ծրագիրները եւ շատ ուրիշ ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար նախ պէտք է հաշտութիւն կնքուի Թուրքիոյ հետ, պէտք է ընդունիք, որ հաւասար ուժեր չենք: Ես կը հաւատամ, որ կ՚ըլլայ այդ հաշտութիւնը, նոյնիսկ մենք պիտի տեսնենք ատիկա, մօ՛տ է…

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս