Ուշագրաւը այս բոլորին մէջ այն է, որ նման ծանրակշիռ պարագաներու իր թափանցիկութեամբ եւ յստակութեամբ յայտնի «Հըզպալլա»ն կը շարունակէ լռութիւն պահել, բան մը որ դուռ կը բանայ մեծ կասկածներ։
Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճակատագիրը ցարդ կը շարունակէ մնալ անորոշ։
Ասոր մասին «Արեւելք» լուրեր քաղեց արաբական ԶԼՄ-ներէ, որոնք բոլորն ալ Նասրալլայի ճակատագրին մասին տարաբնոյթ եւ անյստակ լուրեր կը տարածեն։
Պէյրութի Հարաւային արուարձանին վրայ Իսրայէլեան օդուժի գրոհներէն ետք մամուլի եւ հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտ շարունակեց մնալ Նասրալլայի ճակատագիրը։
Իսրայէլ, որ յայտարարած էր, որ իր հարուածին հիմնական թիրախը Հասան Նասրալլան էր տարաբնոյթ լուրեր ներկայացնելէ բացի նշեց, որ Լիբանանցի-շիիթ մեծ առաջնորդը հարուածի պահուն կարգ մը կարեւոր զինակիցներու հետ կը գտնուէր «Տահիյէ»ի կեդրոնը՝ կարճ այցելութեամբ մը։
Իրենց կարգին իրանեան աղբիւրներ, որ դէպքէն ետք հաստատեցին, որ Նասրալլան ողջ-առողջ է կամաց-կամաց փոխեցին իրենց մօտեցումը եւ անցան լռութիւն պահելու գործելաոճին։ Ուշագրաւը այս բոլորին մէջ այն է, որ նման ծանրակշիռ պարագաներու իր թափանցիկութեամբ եւ յստակութեամբ յայտնի «Հըզպալլա»ն կը շարունակէ լռութիւն պահել, բան մը որ դուռ կը բանայ մեծ կասկածներ։
Այստեղ հարկ է նաեւ նշել, որ դէպքէն ժամ անց իրանցի մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտարարութիւններ ընելով սկսան խօսիլ մէկ կողմէ դիմադրութեան ղեկավարներու արժէքին ու միւս կողմէ ալ անոնց փոխարինումի հնարաւորութեանց մասին։