image

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սալման աջակցութիւն յայտնած է Լիբանանին

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ  Մոհամմատ Պըն Սալման  աջակցութիւն յայտնած է Լիբանանին

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ Սէուտական Արաբիոյ վարչապետ, գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալման պըն Ապտ ալ-Ազիզ հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի նախագահի գրասենեակը։

Գահաժառանգը հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան աջակցութիւնը Լիբանանին։ Ան վերահաստատած է իրենց վճռականութիւնը Լիբանանի համար անհրաժեշտ բոլոր ոլորտներու մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով՝ լիբանանեան կառավարութեան սահմանած առաջնահերթութիւններու համաձայն։

Գահաժառանգը նախագահ Աունը հրաւիրած է այցելելու Սէուտական Արաբիա՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերը քննարկելու համար։

Նախագահ Աունը շնորհակալութիւն յայտնած է իշխան Մոհամմատ պըն Սալման պըն Ապտ ալ-Ազիզին՝ Լիբանանին ցուցաբերած աջակցութեան եւ երկրի տնտեսութիւնը ամրապնդելու նպատակով ձեռնարկած քայլերուն համար։

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիա այցելելու հրաւէրին համար եւ ընդունած զայն։