image

Սեւակ եւ Նայիրի ՝ ամուսանցեալք

Սեւակ եւ Նայիրի ՝ ամուսանցեալք

 Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին  առաջ կանգնելով  Սեւակ  Թաթարեան  եւ Նայիրի Մըսրլեան  Սուրբ Պսակի խորհուրդին այո ըսած են։

Այս մասին   իմացանք   ամուսնացեալ զոյգին բարեկամներէն։

Նշենք, որ   Թաթարեան-Մըսրլեան  զոյգը  եղած են համալսարանաւարտ   (Սեւակ ԱՄԷ-էն իսկ Նայիրի ՝Լիբանանէն)  եւ  ամուսնանալէ ետք իրենց կեանքը պիտի շարունակեն Հոլանտայի մէջ։ 

Հարազատներու եւ ընկերներու լայն շրջանակով մը ամուսնութեան խորհուրդը իր աւարտին տանելէ ետք հարսնեւորները  միասնաբար Լիբանանի Ժիպէյլ ծովեզերեայ  քաղաքին  մէջ  հայկական  աւանդական ոճով խրախճանքի մասնակցած են։    

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Նայիրի Մըսրլեան  դուստրն է Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքի  հոգեւորականներէն՝ Վեր. Ռաֆֆի Մըսրլեանին, որ երկար ժամանակ, որպէս  հովիւ գործած է Այնճարի մէջ, իսկ ներկայիս ալ կը վարէ Պուրճ Համուտի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գլխաւոր հովիւի պաշտօնը։

 

Շնորհաւորութիւններ։