Մոնթեպելլոյի ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը շարք մը նախաձեռնութիւններով փակած է 2025ը եւ իր կրթական եւ նոր տարին թեւակոխած է բարեսիրական աշխատանքները շարունակելու պատրաստակամութեամբ։
Արդարեւ, 2025ի Գոհաբանութեան օրը եւ Կաղանդը հանդիսացած են ոչ միայն տօնակատարութեան առիթներ, այլ դարձած են սպասարկելու մղումը իրականութեան վերածելու միջոցներ։
Առաւել քան 55 տարիներէ ի վեր Մոնթեպելլոյի համայնքին կարեւոր մէկ մասնիկը հանդիսացող ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի անցեալ տարուան Գոհաբանութեան օրուան տօնակատարութիւնը իրականացաւ տեղւոյ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հետ համագործակցաբար, ի մի բերելով համայնքը, իսկ գոյացած հասոյթը յատկացուեցաւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ նաեւ մեծարելու համայնքի հիմնադիրներուն։
Կաղանդի եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով, մասնաճիւղը այս տարի եւս հանդիսացաւ քաղաքի ոստիկանութեան նախաձեռնած խաղալիքներու տարեկան հանգանակութեան մեծագոյն նուիրատուն, նուէրներ հասցնելով կարիքաւորներուն։
Մասնաճիւղը նաեւ կը շարունակէ իրականացնել 2-4 տարեկաններու յատուկ ձրի խնամատարութեան ծրագիրը, քաղաքին միացեալ կրթաշրջանին հետ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ առաւել քան 25 տարիներու պատմութիւն ունեցող Շաբաթօրեայ դպրոցի ծրագիրը։
Փետրուարէն սկսեալ, մասնաճիւղը, իր ամսական հաւաքներուն կողքին, նաեւ հայկական աւանդական ճաշատեսակներ պատրաստելու դասընթացքներու պիտի նախաձեռնէ։