Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերգեյ Նարիշքին 17-18 ապրիլին այցելած է Պաքու, ուր բանակցութիւններ վարած է իր ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ։
Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան եւ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ նշուած է, որ ռուս-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը յատուկ ծառայութիւններու միջոցով աշխուժօրէն կը զարգանայ, կը կրէ կառուցողական, փոխշահաւէտ եւ վստահելի բնոյթ ու ուղղուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ազգային շահերու պաշտպանութեան»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ այցի ընթացքին Սերգեյ Նարիշքին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ այլ հետախուզական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Բացի այդ, ան մասնակցած է «Աֆղանիստան. Տարածաշրջանային կապ, անվտանգութիւն եւ զարգացում» համաժողովին, ուր իր ելոյթին մէջ դրական բնութագրած է Աֆղանիստանի ներկայ իշխանութիւններու գործողութիւնները պետականաշինութեան ոլորտին մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ անոնց միջազգային ճանաչումը միայն ժամանակի հարց է: