image

Սեպտեմբեր 19-ը՝ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան օր

Սեպտեմբեր 19-ը՝ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան օր

Արցախի Ազգային ժողովը սեպտեմբեր 19-ին արտահերթ նիստի ընթացքին օրէնսդրական փոփոխութիւն ընդունած է՝ սեպտեմբեր 19-ը սահմանելով Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան եւ պահանջատիրութեան օր։

Որոշումը կայացուած է՝ ի յիշատակ 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկի, որ յանգեցուցած է էթնիք հայ բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանութեան։

«Սեպտեմբերի 19-ը դաջուել է Արցախի ժողովրդի պատմական յիշողութեան մէջ որպէս բռնի տեղահանութեան եւ գոյութեան պայքարի մեկնակէտ», –ըսուած է Արցախի խորհրդարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նոր օրէնքը կը համալրէ «Արցախի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնսդրական օրէնքը եւ կը շեշտադրէ՝ Արցախի ժողովուրդի շարունակական պայքարը իր իրաւունքներու վերականգնման եւ միջազգային ճանաչման համար։