Ամերիկայի Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ 37 տարուայ «Սասուն» խմորեղէնի անուանի հաստատութիւնը մեծ հռչակի հասած է շնորհիւ մսաշոթի՝ «Լահմաճուն»ի ուտեստին։
«Սասուն»ի սեփականատէրը՝ Դաւիթ Երէցեան խօսած է իր յաջողութեան մասին: Ան մինչեւ օրս տակաւին մեծ հաճոյքով կը դիտէ թէ ինչպէս իր յաճախորդները կը վայելեն «լահմաճուն»ի առաջին պատառը ու կը հիանան անոր բացառիկ համով։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ KCET կայքէն:
Երէցեան, սկսելով իր մանկութենէն մասնաւորապէս պատմեց՝ «Ես ծնած եմ 1940-ին Սասուն, որ պատմականօրէն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը գտնուի, եւ այժմ Թուրքիա: Երկու տարեկանիս կորսնցուցած եմ մայրս հիւանդութեան պատճառով։ Երբ հինգ տարեկան էի, հայրս զիս եւ քոյրս փոխադրեց Սուրիա։ Մենք կը բնակէինք փոքր գիւղի մը մէջ եւ ապրելու համար գումար չունէինք: Ես աշխատեցայ տարբեր արհեստներ, որպէսզի քիչ մը գումար վաստակեմ ընտանիքս կերակրելու համար: Ձմրան, աշխատանքի շատ տարբերակներ չմնացին, ուստի որոշեցի աշխատիլ մեր գիւղի փուռին մէջ։ Կ'աշխատէի օրական տասներկու ժամ եւ այդպիսով ձեռք բերի փորձառութիւն եւ հմտութիւն: Այդ իմ առաջին փորձս էր խմորեղէններու աշխարհին մէջ երբ դեռ 18 տարեկան էի: Դժուար օրեր էին, բայց ես պէտք է օգնէի ընտանիքիս, որ հազիւ ծայրը ծայրին կը հասցնէին»:
Երէցեան շարունակելով իր պատմութիւնը Սուրիոյ մէջ ըսաւ, «1958-ին կրցայ բանալ իմ առաջին սեփական հացատունը՝ Սուրիա։ Բայց 1968-ին, դժուար պայմաններուն պատճառով, ընտանիքով փոխադրուեցանք Լիբանան՝ Պէյրութ: Այնտեղ ալ անմիջապէս բացի հացի փուռ։ 1980-ին արդէն ունեցայ հացատունի իմ երկրորդ մասնաճիւղը։ 1985-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով որոշեցի ձգել ամէն ինչ ու գաղթել Միացեալ Նահանգներ: Հացատունի խանութներս թողեցի քրոջս ու 1986-ին Լոս Անճըլըսի Հոլիուուտի մէջ կրկին բացի իմ առաջին հացատունը: Այսօր մենք ունինք հինգ մասնաճիւղ Լոս Անճըլըսի մէջ:
1985-ին Հոլիուուտ ունէր հայկական մեծ համայնք, կային բազմաթիւ հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, մենք ուզեցինք մօտ ըլլալ մեր համայնքին: Մեր առաջին խանութը, ուր գործը սկսանք, նախապէս «Բիցցա»-ի խանութ եղած էր հետեւաբար այնքան ալ պատրաստութիւններու կարիք չունէր: Շրջանին մէջ մեզմէ առաջ քանի մը ձեռնարկատիրութիւններ փորձած էին ու ձախողած, բայց ես կը հաւատայի, որ ճիշդ տեղը ընտրած եմ, փորձեցինք մեր բախտը եւ իրապէս ամէն ինչ շատ լաւ ընթացաւ»:
Իսկ ինչ պատճառով վարպետ հացագործ Դաւիթ Երէցեանի համար իր սիրած արհեստին մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ մսաշոթի պատրաստութիւնը, ան կը բացատրէ ՝«Լահմաճունը ճաշատեսակ մըն է, որ կը պատրաստի ծանօթ եւ մեր կողմէ սիրուած հիմնական բաղադրիչներէ, եւ մենք զայն կը պատրաստենք մեծ խնամքով եւ սիրով: Ես կը սիրեմ տեսնել մեր յաճախորդներուն ժպիտը, երբ անոնք առաջին անգամ կը փորձեն մեր թարմ լահմաճունը եւ առաջին պատառէն իսկ կ՚ըմբոշխնեն անոն համը»։
Դաւիթ Երէցեան կը պատմէ նաեւ, թէ «Լահմաճուն» պատրաստած ատեն որոշակի յուշեր կ'արթննան իր մէջ: «Լահմաճունը պատրաստած ատեն յաճախ կ'երթամ Միացեալ Նահանգներ մեր փոխադրուելու առաջին օրերը, երբ պայմանները դժուար էին եւ իմ ընտանիքի ապագան անորոշ: Կինս, չորս դուստրերս եւ ես եկած էինք Ամերիկա փնտռելով աւելի ապահով կեանք, եւ տեսնելով, որ մեր գործը կը բարգաւաճէր կ'ուրախանայինք: Կնոջս խօսքերը միշտ ականջներուս մէջ են, երբ ան կ՚ըսէր . «Ես քու կողքին եմ այնքան ատեն, որ դուն ինծի պէտք ունիս, եւ մենք միասին պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն»: Այժմ մենք կը սիրենք մեր կեանքը այստեղ եւ ուրախ ենք մեր հայկական գաղութով»:
Դաւիթ Երէցեանի կարծիքով՝ իր պատրաստած «լահմաճուն»ը կը համախմբէ համայնքի անդամները, անիկա կը պատրաստուի աւանդական ընտանեկան բաղադրատոմսով, որ տարիներէ ի վեր կը վայելէ յաճախորդներուն գնահատանքը: «Համայնքի անդամները զանազան առիթներով կը պատուիրեն մեր «լահմաճուն»ը: Եւ ի փոխադարձ «Սասուն»ն ալ միշտ իր ընտանիքի անդամները կը համարէ բոլոր յաճախորդները: Մենք միշտ պատրաստ ենք օգնելու մեր հաւատարիմ յաճախորդներուն»:
«Սասուն» խանութին ծանօթանալու համար, կարելի է այցելել անոնց էջը: https://www.facebook.com/Sasoun.Bakery/ :