«Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Հայաստանի համար վերլուծութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկի (ARPA, Analysis, Research and Planning for Armenia Institute) հիմնադիր եւ հեղինակաւոր գիտնական դոկտ. Յակոբ Փանոսեան 13 յուլիսին մեծարուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ան արժանացաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին` իր գիտական իրագործումներուն եւ բարեսիրական գործունէութեան համար:
Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, որուն ծննդեան 80-ամեակն է այս տարի, 33 տարիներ առաջ հիմը դրած էր վերոյիշեալ կազմակերպութեան, որ որդեգրած է «Ուսումնասիրել, հետազօտել եւ ծրագրել Հայաստանի համար» նշանաբանը: Աւելի կանուխ ան համահիմնադիրներէն մէկը եղած էր Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութեան (ԱՃԳԸ-AESA):