Սարգիս Ետելեան վերընտրուած է Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետելեան  վերընտրուած է    Ռայտ  քաղաքի փոխքաղաքապետ

Աւստրալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած մեր հայրենակից Սարգիս Ետելեանը, որ թուականէն ասդին կը գործէ  հանրային  ոլորտին մէջ  ստանձնելով վարչական պատասխանատու պաշտօններ  օրերս դարձեալ ընտրուած է Ռայտ  քաղաքի փոխքաղաքապետ։ 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ   Մոնթրէալի  «Հորիզոն»էն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք  համառոտ լրատւութիւնը եւ  յաջողութիւն կը մաղթենք Աւստրալիոյ մէջ    հայութեան ձայնը բարձր պահող  գործիչ՝ Սարգիս Ետելեանին։

 

Սարգիս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ: Ան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ամէնէն երկարատեւ ծառայած անձն է, եւ առաջին անգամ իբրեւ անկախ խորհրդական խորհուրդի անդամ ընտրուած է մարտ 2004-ին:

Ետելեան վերջին տասնամեակին ներկայացուցած է Ազատական կուսակցութիւնը եւ 2007-ին ու 2008-ի ընտրուած է փոխքաղաքապետ: Ան Լիբանանէն Աւստրալիա գաղթած է 1979-ին:

2009-ին պարգեւատրուած է Աւստրալիոյ կարգի մետալով` բազմամշակութային համարկման նախաձեռնութիւններու ջատագովման ու զարգացման ճամբով հայ համայնքին ու տեղական կառավարութեան իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: