image
Հրատապ լուրեր:

«Ս. Հոգիին Պտուղները՝ Քրիստոնեային Կենցաղը» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Ս. Հոգիին Պտուղները՝ Քրիստոնեային Կենցաղը» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Բայց պտուղն հոգիին եղբայրսիրութիւնն է, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներու վրայ, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն, ասոնց դէմ օրէնք չկայ։»

(Գաղ. 5: 22-23)

 

Մեր պապերը միշտ կ'ըսէին թէ Քրիստոնեան կը տարբերի այլ կրօններու պատկանող անձերէն։ Ան կը կրէ Ս. Միւռոնի շնորհքը եւ աստուածային օրհնութիւնը, ոչ միայն իր մարմնոյն վրայ, այլ՝ իր կենցաղին եւ նկարագրին մէջ։

Այս օրերուս, աշխարհիս վրայ պատահած վատ դէպքերուն ընդմէջէն կրնանք զանազանել իսկական քրիստոնեան ոչ քրիստոնեայէն։ Մանաւանդ Միջին Արեւելք պատահած հակակրօն հալածանքներուն ցաւալի անցուդարձներուն ընթացքին կը տեսնենք խաղաղասիրութիւնը քրիստոնեային կենցաղին մէջ հեռու եղբայրասպան կռուասէր հոգիէն։ Ասոր համար քրիստոնեան զոհը դարձած է այս անիմաստ հակամարտերուն եւ տմարդի պայքարներուն։ Քրիստոնեան երբեք զէնք չի բարձրացներ եւ երբեք չէ բարձրացուցած պատմութեան ընթացքին, նոյնիսկ ինքզինքը պաշտպանելու համար։ Այս է ուսուցումը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ, «Սուրդ պատեանին մէջ դիր, ըսաւ Յիսուս, որովհետեւ սուր քաշողները սուրով կը սպաննուին» (Մատթ. 26. 52):

Քաջ գիտենք, թէ խաղաղութեան ախոյեանը ըլլալու համար, մարդը պարտի նախ եւ առաջ գտնել ինքզինք այդ խաղաղութեան մէջ, որ պտուղն է սիրոյ եւ ուրախութեան հոգիին։

Խաղաղութիւնը շատ սիրելի էր Յիսուսի։ Ան իր քարոզներուն մէջ եւ կեանքին ընթացքին, միշտ սիրով եւ համբերութեամբ վարուեցաւ Հրեաներուն հետ. եւ եթէ ստիպուէր յանդիմանել զիրենք, զայն կ'ընէր անոնց ընթացքը սրբագրելու համար։ Ան խաչին վրայ գամուած ներեց իր դահիճներուն, «Հայր, ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կընեն» (Ղուկ. 23. 34): Ան խրախուսեց իր աշակերտները խաղաղասէր եղբայրասէր ըլլալու իրենց առաքելութեան մէջ. «Կը թողում ձեզի խաղաղութիւնս. կու տամ ձեզի իմ խաղաղութիւնս. չեմ տար զայն ձեզի ինչպէս աշխարհը կու տայ» (Յովհ. 14. 27):

Այս խաղաղութեան հոգին ինքնին Աստուծոյ ներկայութիւնն է իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ։ Ան ստոյգ նշանն է յարաբերութեան մը հաղորդակցութեան մը, որոնք կախում չունին արտաքին դէպքերէն եւ աշխարհիկ պայմաններէն։ Երբ Աստուծոյ հետ մեր կապը կը դառնայ հօր եւ զաւակի սերտ յարաբերութիւն, այն ատեն կրնանք վստահիլ թէ խաղաղութեամբ անցնել մեր կեանքը։ Իտալական առածը կ'ըսէ, «խօսելու եւ գործելու միջեւ ծովեր կան։ Հոս կ'ուզեմ ըսել թէ չի բաւեր այս ճշմարտութիւնները գիտնայ, պէտք է գործենք անոր ուղղութեամբ։ Կարիքը ունինք ապրելու ներքին խաղաղութիւնը, զայն հռչակելու ամենուրեք, որպէս զի արժանանանք լսելու Քրիստոսի երանութիւնը. «Երանի խաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5. 9)։ Երբ փնտռենք զԱստուած, զինք կը գտնենք ու միասին սրտի ներքին խաղաղութիւնը, զոր ինքնաբերաբար կը ճառագայթենք մեր տուներէն ներս ու ժողովուրդներու միջեւ։ Աշխարհը չի կրնար տալ ճշմարիտ խաղաղութիւնը եւ ոչ ալ կրնայ զայն հասկնալ, որովհետեւ մարդը եսասէր է ու եսակեդրոն։ Մեծ ազգերը կարող են զայն փոխանցել աշխարհի ժողովուրդներուն, եթէ զայն ընդունին խաղաղութեան աղբիւրէն, նոյնինքն Սէրէն, որ համակ նուիրում է։

Քրիստոնէական ու աւետարանական գաղափարականն է մշակել եւ մաքրել մարդկային լայնածաւալ խոպան եւ լքուած դաշտերը, զանոնք վերածելով խաղաղութեան դրախտավայրի մը, ուր մարդկութիւնը կը բուրէ միայն Սէրն ու Բարութիւնը, Աստածսիրութիւնն ու Եղբայրսիրութիւնը։

 

Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան

Նիւթը՝ «Վատիկան Նիուզ»էն