image

Սրբոց Վկայութիւնը՝ Խաւար Ժամանակներու Լոյս. Արհ. Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Սրբոց Վկայութիւնը՝ Խաւար Ժամանակներու Լոյս. Արհ. Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյանի Վկայութիւնը

Յառաջի  Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 19, 2025-ին, ընդհանրական եկեղեցին ուրախութեամբ պիտի յայտարարէ Իգնատիոս Մալոյանը՝ հայ կաթողիկէ  արքեպիսկոպոս եւ մարտիրոսը, որպէս սուրբ ընդհանրական եկեղեցւոյ խորան վրայ։ Այս յայտարարութիւնը եւ կամ սրբադասումը սոսկ պատմական իրադարձութիւն մը չէ. այլ կենդանի յիշեցում մըն է, որ սրբութիւնը ներկայ ժամանակներու խաւարին մէջ աստուածային լոյսն է: Եւ թէ ան ոչ թէ  սոսկ անցեալին կը պատկանի, այլ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կոչումն է։ Եւ մեր ազգը ներկայիս այնքան կարիքը ունի այս ապացուցին։

 

Սրբութեան Խորհուրդը

Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին Աստուծոյ Հոգին  մարդիկ կը բարձրացնէ, որոնց կեանքը առաքելութիւններով լեցուն լուսաւոր փարոս մըն է: Սուրբերը անսխալ անձեր չեն, այլ սովորական հաւատացեալներ, որոնք ընտրած են սէրը վախի փոխարէն, ողորմածութիւնը՝ տրտմութեան փոխարէն, հաւատքի պայքարը՝ հանգիստ փնտռելու փոխարէն։ Անոնց սրբութիւնը ոչ թէ հեռաւոր երազ է, այլ ճանապարհ մը, որ հնարաւոր է ապրիլ աստուածային շնորհքով։

Մեր ժամանակներուն մէջ, երբ կասկածը կը տիրապետէ մարդոց սրտերուն մէջ, իսկ հաւատքը ժամանակավրէպ առասպել, սուրբերը կու գան յիշեցնելու մեզ, որ սրբութիւնը դեռ է հնարաւոր։ Անոնք պատմական ֆիլմերու հերոսներ չեն, այլ կենդանի ուղեկիցներ են մեր ուխտագնացութեան այս աշխարհին մէջ։ Սուրբերը մեզի ցոյց կու տան, որ սրբութիւնը ոչ թէ աշխարհը ատել կը նշանակէ, այլ՝ աշխարհը սիրելու զայն փրկելու նպատակով։

 

Իգնատիոս Մալոյանի Մարտիրոսութիւն

Իգնատիոս Մալոյանը՝ Մարտինի զաւակ, ծնած ապրած եւ ծառայեց որպէս հայ կաթոլիկ համայնքին ամենաբարդ ժամանակներուն։ 1915 թ․՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, բռնել ու ծեծի ենթարկելով զինք իր հաւատացեալներովն հետ,  խնդրեցին իրմէ դրժել  քրիստոնէական հաւատքը՝ եւ ընդունիլ այլազգի կրօն։ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոսը ըսաւ. «Իմ հաւատքս անսասան է։ Ես պիտի ապրեմ եւ մեռնեմ Քրիստոս համար»։ Ապա ներեց անոնց, որոնք մահուան պիտի ենթարկէին զինք։Սուրբին վերջին խօսքերը ճառագայթում էր վստահութեան իսկապէս Աստուծոյ՝ Քրիստոսի։

Սուրբին հաստատակամ կեցուածքը ցոյց կու տայ անոր հաւատքի զօրութիւնը, թէ. « ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տիրոջմով է» (Հռոմ. 8: 38-39):

Սուրբին նահատակութիւնը ոչ միայն պատմութիւն է, այլ սիրոյ յաղթանակ: Ապրելու ու սիրելու, նոյնիսկ թշնամիներուն, եւ  ներում տալու վկայութիւն։ Ան մարմնաւորեց սրբութեան էութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով սիրոյ ճանապարհին, մինչեւ վերջ։

 

Ներկայիս Սուրբերը Առաւել Եւս Կարեւոր են Մեզի

Իգնատիոս Մալոյանի սրբադասումը տեղի պիտի ունենայ այնպիսի ժամանակներուն, երբ աշխարհը դարձեալ կ'ապրի պատերազմի դաժանութիւն, եւ բարոյական անորոշութիւն։ Անըմբռնելի բայց իրաւ՝ 21րդ դարուն մէջ դարձեալ ցեղասպանութիւններ կը տեսնենք: Երիտասարդներ աննպատակ խարխափումի մէջ, իսկ ճշմարտութիւնը՝ տեսակէտ։ Այս բոլորին մէջ սուրբերը մեզի հակաթոյն են: Անոնք մեզի ցոյց կու տան, որ սրբութիւնը ոչ թէ անդենականի ձգտող փափաք մըն է, այլ հաւատք ոգեշնչող աղբիւր է։ Երբ աշխարհը կորսնցնէ կեանքի իմաստը,  սուրբերը մեզի կը  յիշեցնեն, որ սէրը վերջին խօսքն է։ Երբ եկեղեցին յոգնած է կամ վիրաւորուած, սրբերը անոր կը  յորդորեն վերադառնալ իր էութեան՝ ըլլալով Աստուծոյ ողորմութեան նշանը պատմութեան մէջ։

Այս իմաստով Իգնատիոս Մալոյանի կեանքը կը խօսի իւրաքանչիւր մարդու հետ, որ տառապած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար։Անոր քաջութիւնը կոչ է բոլոր քրիստոնեաներուն, որ հաւատքը ոչ թէ ներքին առաջնորդութիւն է, այլ տեսանելի իրաւականութիւն:

 

Սուրբերու Ժառանգութիւնը Կեանքի Կոչել

Սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, որ սրբութիւնը կ'աճի սիրոյ գործերով. Ներողամտութիւն կը նշանակէ պաշտպանել այլոց , մարդկայնութիւնը: Մնալ ճշմարիտ, երբ գայթակղութիւններու հանդիպինք։ Իգնատիոս Մելոյեանի օրինակով մենք ալ կրնանք ապրիլ այս բոլորը աստուածային շնորհքով:

Սուրբ ըլլալ մեր ժամանակներուն կը  նշանակէ ապրիլ ճշմարտութիւնը քաջութեան, սիրով եւ խոնարհութեամբ։ Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ արմատանալ աղօթքի կեանքի մէջ. տեսնել զՔրիստոս տառապողներու եւ կարօտեալներու մէջ. թոյլ տալ, որ մեր հաւատքը փոխէ մեր առօրեան։

 

Եկեղեցին՝ Աշխարհի Լոյսը

Իգնատիոս Մալոյանի սրբացումը ոչ թէ միայն անցեալին յարգանք է, այլ ներկայիս կանխատեսող նշան։ Անոր պատգամը մեզի այն է, թէ նոյնիսկ դաժանութեան մէջ սրբութիւնը կրնայ ծաղկիլ։ Ամենադժուար պարագաներուն մէջ սէրը կրնայ շարունակել իր գոյութիւնը։ Տառապանքի լռութեան մէջ անգամ պէտք չէ Աստուած մեր կեանքերէն անհետանայ, այլ փառաւորուի։

Պարտադիր չէ, որ բոլորս դառնանք մարտիրոսներ, այլ սուրբին օրինակով թող մեր հաւատքը ըլլայ սիրով լեցուն եւ ունենայ ազդեցութիւն մեր եւ ուրիշներուն կեանքին վրայ։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյան, օրհնէ՛ մեզ։

Թող քու վկայութիւնդ վառ վառ ըլլայ մեր մէջ, որ սիրենք համարձակութեամբ, ներենք թշնամիներուն եւ հաւատանք, մինչեւ մենք ալ սրբութիւն վկաներ դառնանք այս աշխարհի մէջ։

 

Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան

Նիւթը՝ «Վատիկան Նիւզ»էն