image

Ռուտենքօ եւ Ռուբինեան՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք երկրորդ հանդիպման մասին

Ռուտենքօ եւ Ռուբինեան՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք երկրորդ հանդիպման մասին

Փետրուար 14-ին տեղի ունեցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքոյի հեռախօսազրոյցը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: Երկուստեք յոյս յայտնուած է, որ յատուկ ներկայացուցիչներու` Վիեննայի մէջ կայանալիք երկրորդ հանդիպումը արդիւնաւէտ կ'ըլլայ:

Աւելի վաղ Ռուսաստանի ԱԳՆ-էն յայտնած էին, որ զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է հայկական եւ թրքական կողմերուն միջեւ մոսկովեան պայմանաւորուածութիւններու (այս տարուայ Յունուար 14-ին) կատարման, ինչպէս նաեւ Փետրուար 24-ին Վիեննայի մէջ երկու յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական շփման հետ կապուած հետագայ քայլերու շուրջ:

Ռուսական կողմը հաստատած է հետագային եւս Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ շփման կէտերու որոնման աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը` ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան եւ կայուն զարգացման: